2011-03-30 14:58:44

Այսօր Հայոց Մօտ Միջինք Է։


Միջինքը կրօնական տօն մը չէ սակայն կը յիշեցնէ թէ պահեցողութեան շրջանը կէսին հասած է, կը նշուի Պահքի 24-րդ օրը (Չորեքշաբթի օր մը) աւետելու թէ կը մօտենայ Զատիկը՝ Յիսուսի Յարութեան տօնը։
Արդ՝ նաեւ խնդութեան օր է. առաւելաբար ժողովրդական համախմբումի առիթ մը՝ կորով ու բարոյական քաջալերանք ներշնչելու՝ հաւատացեալներուն, որպէսզի անոնք իմաստալից պահեցողութիւնը նոյն ոգիով շարունակեն երկրորդ կիսուն եւս մինչեւ պահքի լրումը կամ Ս Զատիկը։ Եւ քանի որ կրօնական տօն մը չէ արարողութիւններն ու աղօթքները յար եւ նման են Չորեքշաբթուան աղօթքներուն. Կը կատարուին Արեւագալի ժամերգութիւնը եւ հրաժարման ու խոստովանանքի արարողութիւնները, միակ յատկնշականը՝ աւելի հանդիսաւորութիւնն է եւ ճոխ խումբերով երգեցողութեանց կատարողութիւնը։
Անշուշտ նաեւ կան սովորութիւններ եւ տօնելու յատուկ ձեւեր ու ճաշեր...
Միջինքը հայկական գաւառներուն մէջ, ժամանակին՝ եղած էր կիներուն յատուկ համախմբումի օր մը, քանի որ ( կը զուգադիպի Չորեքշաբթի օրուան՝ աշխատանքի լուր օրուան մը) եւ այր մարդիկ անշուշտ գործի կ՝ըլլային։
Այսօր եւս դարձած է առաւելաբար հայ կնոջ ուշադրութեան առարկայ։ Մասնաւորաբար հայ կինն է որ ճիգ կը թափէ որ դարերու աւանդութիւնները վերյիշուին, եւ յարգուին նախնեաց սովորութիւններն ու բարքերը։
Յետ եկեղեցական արարողութեանց, Միջինքին առթիւ ամենուրեք կազմակերպուող հաւաքոյթները եւ Մեծ Պահոց յատուկ ուտելիքներով հայկական սեղանները, վկայութիւններ են հայ կնոջ կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան եւ յարատեւող կամքին։
Միջինքի աւանդութիւններէն են տարուան բախտաւորը նշելու սովորութիւնը։
Տուներու մէջ կը պատրաստուին Միջինքի բաղարջ հացը....Միջինքի կարկանդակը... Կուտապը, լիճքը...։
Թէ ինչ է Լիճքը
Սովորութիւն է որ մեծ պահքի 23-րդ օրը եկեղեցւոյ մէջ լիճք կը շինուի։
ԿՈՆՔի մը մէջ ջուր ու ձէթ կը դրուի նաեւ եղէգով խաչի մէջ պատրոյգը, որ վառուած կը մնայ մինչեւ լոյս։ Առաւօտեան Լիճքի ջուրը կը խառնեն բաղարջի խմորին հետ։
Այդ խմորէն կարկանդակ կամ հաց կը պատրաստուի ու անոր մէջ կը դրուի ուլունք մը, կամ մանր դրամ։
Ընտանեկան հաւաքոյթի կամ ճաշի ընթացքին այդ հացը կամ կարկանդակը մաս առ մաս կը բաժնուի. բոլորին ուշադրութիւնը կը սրուի տարուան բախտաւորին վրայ որ այս պարագային կ՝ըլլայ անոր որուն բաղարջահացի մասէն դուրս կու գայ պահուած ուլունքը։
Միջինքի ՜՜կուտապը ՝՝ եւս կը պատրաստուէր նոյն նպաակով։ Կուտապը արդէն պահեցողութեան տեսակ մը հաց է որուն խմորը կը պատրաստուի ձէթով, կը բաժնուի հաւկիթի մեծութեամբ գնդիկներու , հաւկթաձեւ կամ տափակցուած՝ ներփակեալ խաշած լուբիա, բակլայ, սոխ եւ կամ այլ բանջարեղէններ։ Անոնցմէ մէկուն մէջ կը պահուի գունաւոր ուլունքը գտնելու տարուան բախտաւորը։
Սովորութիւն էր նաեւ որ նշանուած տղաք կամ տղուն ընտանիքը նուէրներ ղրկէին հարսնցուին...
Բարեյիշատակ Արտակ արք Մանուկեանի հայ եկեղեցու տօները հատորին մէջ նշնուած է թէ Լիճքը սովորական է նաեւ Արարատեան նահանգի ու Բասենի մէջ, այնտեղ կը վարուի 40 պատրոյգ բայց ջուրը չի բաժնուիր։
Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաներ կը հաւաքուին բարեկամի մը տունը իւրաքանչիւրը 40 մանրիկ քարեր կը ժողվէ ի յիշատակ 40 մանկանց եւ ամէն մէկ քարի վրայ 40 անգամ ծունկի կը կենան ուրեմն 1600 ծունր ՜՜որպէսզի քառասուն մանկանց աղօթքը լինի իրենց վրայ՝՝... ծունկի ժամանակ անոնք կ՝ըսեն ՜՜40 մանուկ, 40 կոյս, 40 մանկան բարեխօս՝՝ աղերսը։
՜՜Լիճքը եւ 40 պատրոյգը՝՝ կապ ունին ՜՜քառասուն մանկանց հետ, որոնք Սեբաստիոյ մէջ նահատակուեցան եւ որոնց տօնը կը յիշատակուի Միջինքի յաջորդող շաբաթ օրը՝՝։
Դալալագեազի գաղթական ժողովուրդի մէջ սովորութիւն է որ Ս. Գր Լուսաւորչի օրը, (մուտն ի վիրապ ) նորահարսի կեսուրը կը հրաւիրէ հարսին մայրը եւ իր տան բարեկամ կիները, անոնց համար զանազան ուտեստեղէններ կը պատրաստէ եւ կ՝երթան կանաչազարդ դաշտ զբօսնելու, այս զբօսանքին անունն է գեաշտ եւ այս առթիւ կ՝երգեն...
Հարսները գնացած է գեաշտ
Ի՞նչ են բերած, ջուխտ ջուխտ լաշ (տղայ)
Անունները ի՞նչ ... Մէկին Զաննակ, մէկին Պամբակ։
Միջինքի այս ժողովրդական սովորութիւնները ՝ Բաղարջի պատրաստութիւնը, բաղդ փորձելը, լիճք պատրաստելն ու բացօթեայ պտոյտը, որոնք կը յիշեցնեն տօները, արդեօք որքանո՞վ կապ ունին հեթանոսական շրջանի տօնակատարութիւններուն հետ, ասոնց մասին տեղեկութիւններ տակաւին չունինք։








All the contents on this site are copyrighted ©.