2011-03-29 12:58:54

Սրբազան Քահանայապետին Գնահատումով՝ Գործազրկումը Կը Վնասէ Ընկերային Կայունութեան Ու Հասարակաց Բարիքին։


Գործազրկումը կը փափտէ ընկերային կայունութիւնը ու երիտասարդներու ժամանակաւոր աշխատանքը ընտանիքներուն համար անձկութեան կը պատճառէ, այսպէս հաստատեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով Վատիկանի մէջ, Թերնիէն եկած աւելի քան 8000 հաւատացեալները։ Նորին Սրբութիւնը Պետութեան պատասխանատուներէն խնդրեց որ ամէն ջանք թափեն որպէսզի երիտասարդները ունենան ''ապահով, մարդավայել եւ տեւական'' աշխատանք մը ։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ կիրակի օրուայ աշխատանքին մասին։
Աշխատանքը, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, հիմնական տարրերէն մէկն է թէ անհատին եւ թէ ընկերութեան։ Դժուար կամ ժամանակաւոր աշխատանքը ընկերութիւնը կը դարձնէ դժուար ու խախուտ։ Խօսելով աշխատանքի անվտանգութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ՝ ամէն ձեւով աշխատանք տարուի, որպէսզի վերջ դրուի արկածներու ու մահերու շղթային։
Հուսկ Սրբազան հայրը ցաւով դիտել տուաւ որ աշխատանքը նկատուած է սոսկ շահի ու շահագործումի միջոց մը եւ հետեւաբար նախատինք մըն է անհատի արժանաւորութեան։ Այդ ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ կիրակի օրուայ աշխատանքին մասին, ուր ընկերութեան սպառումի ներկայ ընթացքին հետեւանքով տօնը եւ կիրակին հետզհետէ կը կորսնցնէ նշանակութիւնը որպէս Տիրոջ եւ Ընկերութեան օր, բարեբախտաբար թեմական Եկեղեցիներու մօտիկութիւնը բնակչութեան, կը սատարէ աւելի արդար ու մարդավայել ընկերութեան մը կերտումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.