2011-03-29 12:09:58

Սուրբ Աթոռը Իբրեւ Դէտ Կը Մասնակցի Լոնտոնի Մէջ Գումարուող Արտգործ Նախարարներու Վեհաժողովին Որ Կը Քննարկէ Լիպիայի Կացութիւնը։


Այսօր երեքշաբթի 29 մարտին Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ 35 երկիրներու Արտգործ նախարարներու ժողովը քննարկելու՝ Լիպիայի հարցը, կը յայտարարէ Վատիկանի Բանբերը՝ Հ. ֆետերիքօ Լոմպարտին։Սոյն Ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ իբրեւ դէտ, Անգլիոյ Առաքելական Նուիրակ՝ Գերապայծառ Անթոնիօ Մեննինին։ Վեհաժողովին կը մասնակցին նաեւ՝ ՄԱԿի նախագահ Պան Գի Մունը եւ Ափրիկեան Միութեան նախագահ Ժան Փինկը, ի շարս այն երկիրներուն որոնք յանձնառու են Լիպիոյ ապագայի բարելաւութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.