2011-03-29 12:08:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Նորին Սրբութիւնը երէկ առաւօտեան իր գրասենեակի մէջ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Կիպրոսի Պատրիարք՝ Խրիզոստոմոս Բ Արքեպիսկոպոսին որուն կ՝ընկերակցէր նաեւ Հայր Տէմոսդէնիս ու Տոքթ Եոաննիս Շարիլաուը։ Հանդիպումին ընթացքին շօշափուեցան միջին արեւելքի քրիստոնեաներու կացութիւնը նիւթը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ կրօնական ազատութեան հարցը։ Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումէն ետք, Խրիզոստոմոս Բ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.