2011-03-29 13:18:17

Յակոբ Բագրարտունի Կը Դատապարտէ Զահլէի Պայթումը։


Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զահլէի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ եւ բուռն կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Զահլէի մէջ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած ոճրափորձը:
Երեսփոխան Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց Սաֆար եպիսկոպոսին եւ կատարուած ոճիրը նկատեց Լիբանանի ինքնուրոյն դիմագիծին եւ ազգային համակեցութեան դէմ ուղղուած արարք, որ կը ծառայէ բացառապէս Լիբանանի թշնամիներուն:
Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց եւ պահանջեց, որ ապահովական կառոյցները արագ կերպով հրապարակ հանեն այս ոճրային արարքը՝ ծրագրող եւ գործադրող տարրերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.