2011-03-29 13:18:01

Լիպիոյ Մասին Խորհրդաժողովը այօր Լոնտրայի Մէջ։ Ըմբոստներու դանդաղ յառաջացումը դէպի Սիրթէ քաղաքը։


Լիպիոյ մասին այսօրուայ Լոնտրայի Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ որպէս Դէտ Սուրբ Աթոռը, Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Անթոնիօ Մէննինի-ի ներկայութեամբ ։ Իսկ Իտալիոյ կողմէ ներկայ կ՝ըլլայ արտաքին գործոց նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինի։ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահ Կարտինալ Պանիասքօ Հռոմի մէջ երէկ Եպիսկոպոսաց Խորհուրդի աշխատանքներու բացման առթիւ մաղթեց որ ՝՝Լիպիայի մէջ դադրին զէնքերը եւ փնտռուին դիւանագիտական ճամբաներ ՝՝։
Լիպիացի ըմբոստները երէկ հրթիռներ արձակելով, ծանր զէնքերէ կրակ բանալով եւ Մոամմար Կէտտաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հետ մերթ ընդ մերթ բախումներ ունենալով յառաջացան (թէեւ դանդաղ) դէպի Կատտաֆիի ծննդավայրը` Սիրթէ:

Միւս կողմէ, այսօր Լոնտոնի մէջ կայացած 35 պետութիւններու մասնակցութեամբ Լիպիոյ տագնապը քննարկելու ժողովին Իտալիա կ՝առաջարկէ քաղաքական համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ ՝՝զինադուլի արագ հաստատում, Կէտտաֆիի աքսորը եւ ըմբոստներուն ու ցեղապետերուն միջեւ երկխօսութիւն՝՝:
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն միացեալ հաղորդագրութեամբ մը Կէտտաֆիի համակիրներուն կոչ ուղղեցին զինք լքելու, իսկ անոր հակառակորդներէն խնդրեցին միանալ անոր հեռացումին ճամբան հարթող քաղաքական հոլովոյթի մը:
Իսկ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռազմուսեն «Պի. Պի. Սի.»ին յայտնեց, որ «մենք այդտեղ ենք քաղաքայինները պաշտպանելու համար , ո՛չ աւելի,եւ ո՛չ պակաս»: Շաբաթ մը տեւած բուռն բանակցութիւններէ ետք ՕԹԱՆ ստանձնեց Լիպիոյ մէջ միջազգային զինուորական գործողութեան հրամանատարութիւնը: ՕԹԱՆ-ի մէկ բանբերը երէկ յայտնեց, որ հրամանատարութեան փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ քանի մը օրէն:
Մինչ այդ, Քաթար առաջին արաբական երկիրը եղաւ, որ լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային Խորհուրդը ճանչցաւ որպէս Լիպիոյ մէջ միակ օրինական իշխանութիւն: Լիպիական պետական պատկերասփիւռը Քաթարի այս քայլը «բացայայտ միջամտութիւն» մը նկատեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.