2011-03-29 13:17:51

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ (Հռչակուած Արարմ Ա.Վեհափառի Կողմէ)
Մանուկին Դաստիարակութիւնը։ Մայրի՛կ, ինչո՞ւ կոյր է մէկ աչքս՝՝ հարց կուտայ աղջնակը մայրիկին։ :


Մայրը, որ երկար տարիներ գաղտնի պահած էր իր աղջիկէն այն պատահարը որ շատ կանուխ տարիներուն տեղի ունեցած էր տան մէջ, կը ստիպուի ճշմարտութիւնը ըսել անոր.
_Աղջիկս, հազիւ մի քանի տարեկան էիր, երբ մօտս նստած կը հետեւէիր դերձակուհիի իմ աշխատանքիս: Կու լայիր երբ արգիլէի քեզի դպչիլ կարի տուփին: Սակայն օր մը այնքան լացիր մկրատը ձեռքէս առնելու համար, որ չդիմանալով տուի քեզի, իսկ դուն զայն ձեռքէս քաշելով, սխալմամբ ուղղակի աչքիդ տարիր:
_ Բայց մայրի՛կ եթէ այդ վայրկեանին չտայիր մկրատը, մէկ օր կու լայի, մէկ շաբաթ կու լայի, մէկ ամիս կու լայի, ու ապա կը դադրէի լալէ: Իսկ հիմա ամբողջ կեանքիս ընթացքին կու լամ, միականի ըլլալուս համար:
Այսպէս են նաեւ բազմաթիւ մայրեր, որոնք հետագային կը զղջան իրենց զաւակները ճիշդ ատենին դաստիարակած չըլլալնուն համար, սակայն անօգուտ: Իսկ աւելի ողբալի վիճակի մէջ կը գտնուին այն մայրերը, որոնք չեն ալ անդրադառնար որ թերի դաստիարակութիւն տուած են իրենց զաւակին: Ասիկա անշուշտ ժառանգական պակասաւորութիւնն է, որ առհասարակ տգէտ խաւին մօտ կարելի է նշմարել: Ասոնցմէ ոմանք անշուշտ մեծամտութեամբ ալ տարուած կ՛ըլլան հակառակ իրենց մտային խեղճութեան, պարզապէս նիւթական ապահովութիւն ձեռք ձգած ըլլալով, եւ կը խորհին թէ՝ լաւագոյն կրթութիւնն է որ ջամբած են, կամ կը ջամբեն իրենց զաւակներուն: Ասոնք անյոյս պարագաներ են, որոնց դաստիարակութեամբ պէտք չէ պարապիլ, Աստուածապարգեւ մեր ժամանակը վատնած չըլլալու համար:
Իրական կեանքէ քաղուած այս դրուագին մէջ ի՞նչ օգուտ ունեցաւ մօր զղջումը, երբ ատենին չէր կրցած մանկավարժական ամէնէն պարզ մեթոտով կրթել իր երեխան: Այդ մայրը չէր մտածած, որ իր աղջիկն ալ օր մը մայր դառնալով, զաւակներ պիտի կրթէ, եւ ինչ որ իրմէ սորված էր, նոյն դաստիարակութիւնը պիտի տար իրմէ ծնած զաւակներուն: Այդ պատճառաւ հիները հարսնացու փնտռող երիտասարդները խրատելով կ՛ըսէին. «Մօր նայէ՝ եւ ապա աղջիկը առ»: Անոնք լաւապէս սերտած էին, որ դաստիարակութիւն ջամբելն ալ ժառանգական իւրայատկութիւն է, որ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Այնպէս ինչպէս դաստիարակուած է մայրը, նոյն կրթութիւնն է որ պիտի փոխանցուի մէկէն միւսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.