2011-03-28 16:50:11

Փաքիստանի Եպիսկոպոսները Սուրբ Աթոռէն Կը Խնդրեն Որ Շահպազ Պհաթթին՝ Մարտիրոս Եւ Կրօնի Ազատութեան Պաշտպան Յայտարարուի ։


Փաքիստանի Եպիսկոպոսները անցեալ 20-25 մարտ Մուլթանի մէջ կատարած իրենց ժողովի ընթացքին, որոշած են պաշտօնական խնդրանք ներկայացնել Սուրբ Աթոռին որպէսզի վերջերս սպաննուած՝ Կաթողիկէ Շահպազ Պհաթթին` նախարարը Փաքիստանի Փոքրամասնութիւններու , Մարտիրոս Եւ Կրօնի Ազատութեան Պաշտպան յայտարարուի, կը հաղորդէ ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը ։ Ժողովական եպիսկոպոսները այս նիստին ընթացքին վեր առած են Պհաթթիի Քրիստոնէավայել կենցաղը ու յիշատակած անոր Հաւատքի Վկայութիւնը որ զինք մղած էր նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու։
Եպիսկոպոսները եւ կաթողիկէ հաւատացեալները յառաջիկայ ապրիլի երկրորդ շաբթուան ընթացքին, Իսլամապատի մէջ պիտի նշեն Շահպազ Պհաթթիի քառասունքը։ Փաքիստանի Եպիսկոպոսները նամակ մը ուղղած են բոլոր Փաքիստանի Կաթողիկէներուն որուն մէջ կը քաջալերեն զանոնք վառ պահելու յոյսի կրակը հակառակ դժուարութիւններուն, վախերուն եւ հալածանքներուն մատնանշելով յատկապէս Ղուկասի Աւետարանէն առնուած հետեւեալ հատուածին ՜՜Մի Վախնար Փոքրիկ Հօտ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.