2011-03-28 16:42:34

Խրիզոսդոմոս Բ. Պատրիարքը Եւ Կիպրոսի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցին


Կիպրոսի յոյն Օրթոտոքս եկեղեցին հիմնուած է Սուրբ Պօղոսի կողմէ, եւ 431 ին Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովի Կողմէ ընդունուած Ինքնագլուխ Եկեղեցի մը։ Կիպրոս Կղզիի բնակչութեան մեծամասնութիւնը այսինքն 78 առ հարիւրը Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կը պատկանի։ Օրթոտոքս եկեղեցին մեծ դեր ունեցած է քաղաքական կեանքէն ներս։ Մաքարիոս Գ Արքեպիսկոպոսը` Կղզիի անկախացումէն անմիջապէս ետք ընտրուած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Առաջին Նախագահ, միեւնոյն ժամանակ մնալով Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Առաջնորդը։ Կիպրոսի եկեղեցւոյ Արքեպիկոպոսը տարինլեու ըբնթացքին ունեցած է նաեւ քաղաքական հանգամանք եւ անոր ընտրութիւնը տեղի կ՛ունենայ ժողովուրդի մասնկացութեամբ։

Խրիզոսդոմոս Բ. Պատրիարքը ծնած է Թալայի մէջ 1941ին։ Իր Աստուածաբանական ուսումը աւարտած է Աթէնքի համալսարանի մէջ։ 1978էն եւ մինչեւ Արքեպիսկոպոս ընտրուիլը, եղած է Բաֆոսի Մէտրոպոլիթ։ 5 նոյեմբեր 2006-ին Կիպրոսի Եկեղեցւոյ գլուխը անցած է ։ 2010-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կիպրոս կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Խրիզոսդոմոս Բ Պատրիարքը խիստ դատապարտած է կղզիի հիւսիսային շրջանի <<Թրքական զինուորական ուժերու բռնի գրաւումը>> եւ քրիտոնեաները անհետացնելու եւ ոչնչացնելու միտումով անոնց գործադրած քաղաքականութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր կարգին, մատնանշեց <<Միջին Արեւելքի մէջ քրիտոնեաներու կենսական դերը>>։







All the contents on this site are copyrighted ©.