2011-03-28 13:55:54

Արցախ - Ազրպէյճան 250 Անգամ Խախտած է Հրադադարը։


Արցախի բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան գրասենեակին համաձայն, Ղարաբաղ – Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ 20-էն 26 մարտ երկարող շաբթուան ընթացքին ազրպէյճանական բանակը շուրջ 250 անգամ խախտած է հրադադարը եւ թէ սոյն խախտումներուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 1800 կրակոց:
Ազրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ արձակազէնային հրացաններէ կրակ բացած են սահմանային դիրքերու վրայ տեղակայուած հայկական գրեթէ բոլոր դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հակառակ թշնամիին ցուցաբերած աշխուժութեան, Արցախի բանակին յառաջապահ ստորաբաժանումները լաւապէս պաշտպանած են շփման գիծը:








All the contents on this site are copyrighted ©.