2011-03-27 11:08:47

ֆեսի Սրբազան Երգեցողութեան Համաշխարհային Տօնակարաութիւն։ 3-12 Յունիս։


17 տարիէ ի վեր Մարոքի ֆէս քաղաքին մէջ կը կազմակերպուի սրբազան երգեցողութեան համաշխարհային տօնակարութիւնը, ունենալով որպէս առաքելութիւն համաշխարհային խաղաղութիւնը ու ժողովուրդներու մօտեցումը։ Այս 17-րդ տօնակատարութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ 3-12 յունիս, ունի որպէս բնաբան ''աշխարհի իմաստութիւնը''։ Լատին Ամերիկայէն մինչեւ Ասիայի հարաւ արեւելքը լսելի պիտի ըլլան սրբազան երգեցողութիւններ, որոնցմէ կ'արտացոլան ժողովուրդներու հաւատքն ու մշակոյթը։ 2011-ի տօնախմբութեան բացումը կը կատարուի '' Մաժնուն Լայլա'' oփերայով։








All the contents on this site are copyrighted ©.