2011-03-27 11:17:31

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը ֆոսսէ Արտիաթինայի սրբարանին մէջ։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սիրով ընդունեցայ հրաւէրը ''Հայրենիքի ազատութեան համար իյնկած նահատակներու իտալացի ծնողներու ազգային ընկերակցութեան'' ուխտագնացութիւն կատարելու այս սրբարանին, այնքան սիրելի իտալացիներուն եւ մասնաւորապէս հռոմէացիներուն։ Կ'ողջունեմ տեղապահը Հռոմի թեմի, Հոռմի ռաբունապետը, վերոյիշեալ Ընկերակցութեան նախագահը, Դամբարանին տնօրէնը եւ յատկապէս զոհերուն ընտանիքները, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաները։
''Կը հաւատամ Աստուծոյ եւ Իտալիոյ, կը հաւատամ նահատակներու եւ հերոսներու յարութեան, կը հաւատամ հայրենիքի ու ժողովուրդին ազատութեան վերածնունդին։'' Այս խօսքերը փորագրուած են տանջանքի խցիկի մը պատին վրայ, Հռոմի Դասսօ փողոցին մէջ, նացիներու բռնագրաւումին ժամանակ։
Այս խօսքերը կտակն են անծանօթ անհատի մը, որ այդ խցիկին մէջ բանտարկուեցաւ։ Այդ խօսքերը ցոյց կու տան թէ մարդկային ոգին ազատ կը մնայ նոյնիսկ ամենաբիրտ պայմաններու մէջ որ գտնուի։
''Կը հաւատամ Աստուծոյ եւ Իտալիոյ'' այս արտայայտութիւնը խորապէս զիս տպաւորեց, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ այս տարի կը յիշատակուի Իտալիոյ միութեան 150-րդ տարեդարձը եւ որովհետեւ կ'ընդգծէ հաւատքի գլխաւորութիւնը, որմէ կը զորի վստահութիւնը եւ յոյսը Իտալիոյ հանդէպ եւ անոր ապագային հանդէպ։ Այն ինչ որ հոս կատարուեցաւ 24 մարտ 1944ին ծանր նախատինք մըն է Աստուծոյ դէմ, արդիւնքը մարդու բարբարոսութեան մարդու դէմ։ Ասիկա ամէնէն գարշելի հետեւանքն է պատերազմի, ամէն պատերազմի, մինչ Աստուած կեանք է, խաղաղութիւն եւ հաղորդութիւն։
Այլ վկայութիւն մը զիս յուզեց, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, թուղթ մը որ այս սրբարանին մէջ գտնուեցաւ որուն վրայ գրուած է ''Աստուած իմ, Հայր մեծ, մենք քեզի կ'աղօթենք որպէսզի դուն կարենաս պահպանել հրեաները բարբարոսական հալածանքէն, մէկ Հայր մեր մը, 10 ողջոյն քեզ Մարիամ, 1 փառք Հօր''։ Այս ողբերգական ու տմարդի պահուն, այդ անհատի սրտին մէջ կար ամեանվսեմ պաղատանքը` Աստուած իմ` Հայրը մեծ։ Հօր անուան մէջ կը գտնուի յոյսը լաւագոյն ապագայի, ձերբազատուած ատելութենէն ու ոխակալութենէն, ազատութեան ու եղբայրակցութեան ապագայ կը յուսայ Հռոմի համար, Իտալիոյ, Եւրոպայի ու աշխարհի համար։ Մարդը ո՞ր ցամաքամասի մէջ որ կը գտնուի կը պատկանի Աստուծոյ` զաւակն է Հօր որ Երկինքն է, ու եղբայրն է բոլոր մարդկութեան։ Այս պատճառաւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, ահրելի ցաւ յիշեցնող այս Կոթողին առջեւ լաւագոյն պատասխանը որ կարելի է տալ` մէկը միւսին ձեռքը բռնել եւ ըսել. Հայր մեր, մենք Քեզի կը հաւատանք, եւ քու սիրոյ ոյժով կ'ուզենք միասնաբար քալել, խաղաղութեամբ, Հռոմ, Իտալիա, Եւրոպա ու համայն աշխարհ։ Ամէն։
Իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց Պօղոս Զ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետները, որոնք Ատրիադինա սրբարանը եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու եւ հայցելու Աստուածային ողորմութիւնը, միակը որ կարող է լիացնել մարդու կողմէ պատճառած փպսը` բաժանումները։ Ես եւս հոս կը գտնուիմ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, այս քաղաքը սրբացած է Աւետարանի ու Սիրոյ նահատակներու արիւնով, կու գամ մեծարելու յիշատակը այս եղբայրներուն, սպաննուած ոչ հեռու հին գադակոմբներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.