2011-03-27 11:09:13

Ուկրանիոյ Եկեղեցւոյ Նոր Գահերեցի Ընտրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր հաւանութիւնը տուաւ, եկեղեցական Կանոնագրութեան 153-րդ յօդուածի համեմատ, Գերապայծառ Սվիաթոզլավ Զգէվչուքի ընտրութիւնը որպէս Ուկրանիոյ Եկեղեցւոյ նոր Գահերեց։ Անցեալ 23 մարտին` Լվովի մէջ հաւաքուած Ուկրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու Համահաւաք ժողովը ընտրած է Գերապայծառ Զգէվչուքը որպէս նոր արքեպիսկոպոս Ուկրանիոյ Գիիվ - Հալեէի եկեղեցւոյ , յաջորդելու հրաժարեալ Լուպոմիր Հուսար Կարտինալին ։

Նորընտիր Գահերեց Սվիաթոզլավ Զգէվչուքի ծնած է 1970-ի՝ 5 մայիսին, Լվիվի՝ Սդրիի շրջանի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 26 յունիս 1964-ին։ Աստուածաբանական ուսմները աւարտած է Հռոմի Սուրբ Թովմաս Ագունացիի անուան համալսարանի մէջ 1999-ին։ Ան եղած է Լվիվի Սուրբ Հոգի Նորնծայարանի պատասխանատուն ու Լվիվի Աստուածաբանական Մասնաճիւղի փոխ տնօրէն։ 2009-ի յունուար 14ին նորին սրբութիւնը զինք անուանած էր Արժանթինի Պուէնս Այրըսի Գասդրա Կալպայի եպիսկոպոս, նոյն տարւոյն ապրիլ 7 ին ստանալով եպիսկոպոսական օծումը։ 2010-ի մարտ 10ին կը նշանակուի առաքելական վարիչ Պուէնս Այրըսի Սանթա Մարիա Տէլ Բադրոչինիոյ Թեմին։
Նորնտիր Արքեպիսկոպոսի Գահակալութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 27 մարտին Գիէվի Մայր Տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.