2011-03-27 11:10:52

Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին առթիւ-Պէյրութ


Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնին առիթով, ուրբաթ, 25 մարտին, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան՝ Աշրաֆիէի սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, առընթերակայութեամբ փոխ-ժողովրդապետ՝ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի։ Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան արհիապատիւ եպիսկոպոսներ լիբանանաբնակ եկեղեցական դասը, Կիլիկիա երգչախումբը, եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը, հովուական յանձնախումբը եւ հաւատացեալները։ Այս առթիւ հայր Վարդան իր քարոզին մէջ նախքան Աւետման տօնին մասին խօսիլը, յիշեց թէ այս եկեղեցին որ կառուցուած էր 1934-ին, եղաւ աղօթքի վայր մեր հաւատացեալ մեծ հայրերուն, պատրիարքներուն ու շատ մը եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն, որոնք սրբացան այս կամարներուն տակ: Ան նշեց նաեւ թէ «այս տարի եւ խորհրդակցութեամբ հովուական յանձնախումբին մեր եկեղեցւոյ վերաշինութեան տարին կը հռչակենք. եկեղեցին՝ քարեր եւ մարմին, որ պէտք է վերանորոգենք հոգիով, սակայն քաջ գիտնալով որ եթէ բոլոր անդամները այս ուղղութեամբ չաշխատին, եւ Աստուած չըլլայ ճարտարապետն ու կառուցող կարեւոր ձեռքը, ի զուր կը նորոգուին միայն՝ քարերը: Աւետումը, քրիստոնեաներուս համար ամենակարեւոր տեղեկատուական եղելութիւնն է, ըսաւ Վարդապետը աւելցնելով, Աստուծոյ պատգամաւորը լուր մը տուաւ կնոջ մը՝ Մարիամին, որմէ պիտի ծնէր նոյն ինքն Աստուած, տալու համար մարդուն այս աշխարհիս մէջ ապրելու ոճ մը, որպէսզի յաւիտեան ապրի անոր հետ, այս աշխարհէն անդին» :
Պատարագէն ետք տեղի ունեցան շնորհաւորութիւններ եւ սիրոյ սեղանի ճաշկերոյթը ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, ուր նշուեցաւ արհի. Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան տասնամեակը, եւ Հայր Աւետիք Յովհաննէսեանին անուան տօնը: Յիշենք նաեւ՝ որ հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ, սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ Զմմառու Տիրամօր վանքի մեծաւորին՝ գերյարգելի Հ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին եւ նորընծայարանի ժառանգաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.