Քահանայական Ձեռնադրութիւնը Չինաստանի Տինկ Հայ Թեմին Մէջ։
Աւելի քան 2300 հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան հայր Թանկ Հայ Շուի ձեռնադրութեան։ Ասիկա
Քահանայական առաջին ձեռնադրութիւնն է այս ժողովրդապետութեան հիմնարկութենէն ի վեր 1841ի։
Ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Հու Կզեան
Տէին, որուն հետ համապատարագեցին 22 քահանաներ։ Նորօծ քահանան պիտի պաշտօնավարէ Չի Կզի
շրջանը որ կը հաշուէ 10 հազար հոգի։ Տինկ Հայ հիմնուած է 1841ին ֆրանսացի առաքեալ
Տանիգուրի կողմէ։ Ան կառուցել տուած էր վանք մը, որբանոց մը եւ բարեսիրական կեդրոն մը։
Համայնավար յեղափոխութեան ընթացքին ժողովրդապետութիւնը փակուեցաւ։ Ժողովրդապետութեան
վերաբացումէն 1986ին մինչեւ 2000 տարին ժողովրդապետութիւնը վերանորոգեց հինգ կայաններ
եւ աւելցուց այլ երկու կեդրոններ աղօթքի համար եւ կեդրոն մը շինեց հոգեւոր կրթութեան
համար։ Ներկայիս ժողովրդապետութիւնը կը հաշուէ 2000 հաւատացեալ։ Պինկ Պօ թեմը ունի աւելի
քան 23 հազար հաւատացեալ, 14 քահանաներ, 40 կրօնաւորուհիներ ինչպէս նաեւ 80 ժողովրդապետութիւններ
ու մատուռներ։