2011-03-26 13:47:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը ''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ''ի Ծրագրի Փակման Արարողութեան Առթիւ


''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթ''ի ծրագրին փակման արարողութեան Նորին Սրբութիւնը հեռուստատեսիլային կապ հաստատեց ''Փարիզի Նոթր տամի'' գաւիթը համախմբուած մասնակցողներուն հետ, հաղորդելով անոնց իր պատգամը. ''կրօնները չեն վախնար արդար ու բաց աշխարհականացումէն''։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները վար առնելու ''ուրիշէն վախնալու եւ օտարականի՝՝ պատուարները։ Նոյնպէս խնդրեց ֆրանսայի ու Եւրոպայի երիտասարդ հաւատացեալներէն եւ ոչ հաւատացեալներէն վերագտնելու երկխօսութեան ուղին։
Իր գրասենեակէն ուղղած պատգամին մէջ, Սրբազան Հայրը խնդրեց հաւատացեալներէն եւ ոչ հաւատացեալներէն կամուրջներ կերտելու, նախապէս ընդգծելէ ետք թէ Աստուծոյ հարցը ընկերութեան համար վտանգ մը չէ եւ ոչ ալ կը վտանգէ մարդկային կեանքը։ Նոյնպէս Քահանայապետը ճանչցաւ ոչ հաւատացեալներուն իրաւունքը պահանջելու հաւատացեալներէն քրիստոնէական կեանքի ապրումի վկայութիւնը, եւ մերժել կրօնքի որեւէ շեղում, որ զայն տմարդի կը դարձնէ։
Ձեզի կ'իյնայ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, ձեզի կ'իյնայ որ ձեր հայրենիքի մէջ ու Եւրոպայի մէջ, ըլլաք հաւատացեալ թէ ոչ , գտնել՝ երկխօսութեան ուղին։ Կրօնները չեն կրնար վախնալ արդար ու բաց աշխարհականացումէն, որ առիթ կու տայ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ապրելու դաւանանքի ու համոզումին համաձայն։ Եթէ դուք կանչուած էք կերտելու ազատութեան, հաւասարութեան ու եղբայրակցութեան աշխարհ մը, հաւատացեալը եւ ոչ հաւատացեալը պէտք է ինքզինք զգայ ազատ ապրելու՝ իր անահատական ու հասարակական կեանքը իր համոզումին համաձայն։ Սրբազան քահանայապետին համար ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ''ին նպատակն է գործել այս եղբայրակցութեան համար անձնական համոզումներէն անդին, առանց սակայն ուրանալու տարբերութիւնները։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց երիտասարդները վար առնելու պատուարները վախի, օտարի ու մեզի անծանօթի հանդէպ։ Այս վախերը յաճախ ծնունդն են փոխադարձ տգիտութեան, անվստահութեան ու անտարբերութեան։ Աշխատեցէք ուշադիր ըլլալ անոնց հանդէպ որոնք աղքատութեան ու առանձնութեան մէջ կը գտնուին, անոնք որոնք գործազրկումէն կամ հիւանդութենէն կը տառապին։ Իր պատգամին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները պահ մը Նոտր Տամ մտնելու եւ աղօթելու։ Աղօթք մը ոմանց համար ուղղուած է հաւատքով ճանչցուած Աստուծոյ եւ ուրիշներուն համար անծանօթ Աստուծոյ։
''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթ''ի տօնը Նոթր Տամ տաճարին առջեւ եզրափակուեցաւ, երկու օր տեւող դասախօսութիւններէն ետք որոնց մասնակցեցան հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ մտաւորականներ Փարիզի ընտիր վայրերու մէջ` ինչպէս Ունեսքօ, Սորպոն համալսարանը եւ Պերնարտներու ճեմարանը։ Ներկայ էին Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Վէն Թրուան, կարտինալ Ռավազին` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին ու Փարիզի շրջանի մեծ թիւով եպիսկոպոսներ։ ''Ոչ հաւատացեալներու գաւիթ''ի փարիզեան օրերէն ետք կլոր սեղաններ պիտի կազմակերպուին յաջորդաբար Ալպանիոյ՝ մայրաքաղաքը Թիրանա (յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ) ապա 2012-2013 կլոր սեղաններ պիտի կազմակերպուին. Շուետի՝ Սթոքհոլմ, Չէխիոյ՝ Փրակա, Զուիցերիոյ՝ Ժընեւ, Դաշնակցային Ռուսիոյ՝ Մոսկուա մայրաքաղաքներու ու նաեւ ԱՄՆի Շիգակօ քաղաքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.