2011-03-26 12:24:43

Ուշագրաւ Ծնունդ Մը Երեւանի Մէջ։


Երեւանի Մարգարեան հիւանդանոցին մէջ փոքրիկ մը ծնաւ։ Լոյս աշխարհ եկած երախան միւս փոքրիկներէն քիչ մը կը տարբերի,անոր համար որ նորածինին մայրիկը չինուհի է,հայրիկը հայ։ Նորածինը առողջ է, առողջ է նաեւ անոր մայրիկը՝ Այ Տիւենէ ։ Սա բաւականին ուշագրաւ է (դիտել տուած են հիւանդանոցի պատասխանատուները) քանի որ խառն ամուսնութիւններուն մէջ հայու ու չինուհիի միութիւնը այնքան ալ յաճախ չի պատահիր։ Փոքրիկ Դաւիթի ծնողները ծանօթացած եւ ամուսնացած են անցեալ տարի, Ապրիլին, Չինաստանի մէջ։
Մենք Ալ կ՝ըսենք Դաւիթին ՝՝Բարի եկար լոյս աշխարհ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.