2011-03-26 13:47:47

Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Խօսելով՝ ''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ''ի Մասին Մատնանշեց Աշխարհականացած Ընկերութիւններու Նուիրականին Հանդէպ Շահագրգռութեան Վերադարձը Եւ Քահանայապետին Պատգամը։


Կարտինալ Ռավազի` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, ֆրանսական ''Լա Գրուա'' օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով անդրադարձաւ ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթի'' Փարիզ կազմակերպած կլոր սեղանին, 24 եւ 25 մարտին հաւատացեալ եւ ոչ հաւատացեալ մտաւորականներու հետ, յայտնելով թէ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ կապ հաստատել, խորհրդածութիւնն ու երկխօսութիւնը խթանելու եւ տեսնելու համար ամէն ինչ որ կը պատահի երկրագունդի վրայ։
Կարտինալի գնահատումով՝ այս նախաձեռնութիւնը կրնայ ոմանց համար ''գրգռիչ'' համարուիլ յաչս ժամանակակից մշակոյթին։
Կարտինալը` նախաձեռնելով ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրը, զեկոյց տուած է Ունեսքոյի մէջ բազմաթիւ դիւանագէտներու ու մտաւորականներու առջեւ։ Անոր գնահատումով այսօրուան ընկերութիւնը որոշ չափով շահագրգռուած է յաչս նուիրականին, հակառակ որ այդ ընկերութիւնը հպարտ է աշխարհականացած ըլլալուն համար։ Եկեղեցին այսօր չի նկատուիր որպէս աշխարհին մէջ առանձնացած կղզի մը ։ Եկեղեցին աշխարհի մէջ է։ Երկխօսութիւնը Եկեղեցւոյ համար սկզբունքի հարց մըն է։ Ներկայ աշխարհականացած աշխարհը կարիքը կը զգայ հիմնական, կենսական հարցադրումներ բանաձեւելու։ Ամէնքս ականատես ենք ներկայ մարդուն հետաքրքրութեան հանդէպ նուիրականին, գերբնականին ու կախարդութեան ... պատասխանելու այս հրատապ իրավիճակին մշակութային ու կրօնական մեծ տիպարները իրաւասու կերպով կը ներկայանան։
Նշենք թէ ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ''ի մէկ հարցարանէն ի յայտ կու գայ թէ ֆրանսական ընկերութեան 60 տոկոսը ոչ իսկ կը հարցադրէ կեանքի նշանակութեան մասին։ Ընդհակառակը` ծագումով իսլամ ֆրանսացիներու 55 տոկոսը շատ աւելի հետաքրքրուած է կեանքի իմաստով։ Ասիկա ինքնին կ'արդարացնէ Վատիկանի ընտրութիւնը Փարիզ` ''Լոյսերու Քաղաքը'' սկսելու համար երկխօսութիւնը ոչ հաւատացեալներուն հետ (կը գրէ Լա Գրուա օրաթերթը) ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խնդրանքով է որ կեանք առաւ ''ոչ հաւատացեալներու գաւիթ'' ծրագիրը երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով ոչ հաւատացեալներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.