2011-03-26 12:22:11

Հայաստանի Հանրային Հեռուստառատիոյի Մէջ Նոր Նշանակումներ։


Նախագահ Սարգսեանը հրամանագիր մը ստորագրեց Մերուժան Տէր-Գուլանեանը եւ Նարա Շլեպչեանը հանրային հեռուստառատիօ ընկերութեան խորհուրդի անդամներ նշանակելու մասին, 6 տարուայ ժամանակաշրջանով, հիմք ընդունելով ՝՝Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին՝՝ օրէնքը եւ նկատի առնելով Հայաստանի նախագահի՝ 2011-ի Փետրուար 21-ի դասաւորումով ստեղծուած յանձնաժողովի որոշումը։ Մրցոյթի Յանձնաժողովը 11 դիմողներէն յաղթող հռչակած է Տէր Գուլանեանը եւ Շլըպչեանը հիմք ընդունելով լրագրութեան եւ յատկապէս հեռուստատեսութեան ոլորտէն ներս այս երկու թեկնածուներու երկարամեայ փորձառութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.