2011-03-25 13:05:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 25 մարտ 2011։ Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը մասնակցելէ ետք Մեծ Պահքի խորհրդածութեան, ժամը 11-ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հնդկաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի եպիսկոպոսները, եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 11.30ին Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Ասորի Մալանքար նուիրապետութեան Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասին, թիւով 13 հոգի. իսկ ժամը 12 -ին Օրհնութիւններու սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի Ապաշխարութեան առաքելութեան դասընթացքի 800 մասնկցողներուն։ Հուսկ յետ միջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կարտինալ Ուիլիամ Ժոզէֆ Լէվատան` կառավարիչը Հաւատքի Վարդապետութեան Ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.