2011-03-25 11:30:49

ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահները Անընդունելի Կ՝որակեն Ուժի Կիրարկման Սպառնալիքը Քաղաքացիական Օդանաւերու Նկատմամբ։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, Վիեննայի մէջ 23-24 մարտին Մինսքի խմբակին ներկայացնելէ ետք հրապարակեցին Լեռնային Ղարաբաղի մօտակայ շրջաններուն մէջ իրականացուած դիտարկման գործադիր ամփոփումը:
«Այդ տարածքներուն դաժան իրականութիւնը վերահաստատեց համանախագահներու այն տեսակէտը, որ սթաթիւս քոն անընդունելի է եւ տագնապի միայն խաղաղ, բանակցային լուծումը կրնայ աւելի լաւ եւ հաստատուն ապագայի հեռանկարներ բանալ այն մարդոց համար, որոնք անցեալին ապրած են այդ տարածքներուն մէջ եւ այժմ այնտեղ կ՛ապրին», ըսուած է համանախագահներուն` Պեռնար Ֆասիէի (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէի (Միացեալ Նահանգներ) եւ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ մօտիկ ապագային պիտի այցելեն շրջան` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ քննարկումները շարունակելու` օգտուելով 5 մարտին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք յառաջացած տեղական տեղաշարժէն:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ համանախագահները իրենց զրուցակիցներուն հետ նաեւ պիտի մշակեն ճշգրիտ նախաձեռնութիւններ, որոնք թոյլ պիտի տան կեանքի կոչելու Սոչիի մէջ ստանձնուած պարտաւորութիւնները` զինադադարի խախտումներուն վերաբերեալ բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ հետաքննութիւններ կատարելու վերաբերեալ:
Կրկին ընդգծելով, որ տագնապին կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն իրենց առած քայլերուն մէջ, ինչպէս նաեւ հրապարակային կոչերուն մէջ, համանախագահները «անընդունելի» որակեցին ուժի կիրարկման սպառնալիքը քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ:
«Այս առումով, համանախագահները խստիւ կը դատապարտեն սպանութիւններու եւ հակահարուածներու անիմաստ շրջապտոյտը առաջին գիծի երկայնքով եւ կը վերահաստատեն իրենց նախկին դիրքորոշումը, որ կողմերը իրենց ժողովուրդը պէտք է պատրաստեն խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի», նշեցին համանախագահները:








All the contents on this site are copyrighted ©.