2011-03-24 12:22:07

Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները թիրախ եղած են բռնութիւններու։


Աշխարհի քրիստոնեաներուն ուղղած նամակով Արեւելեան եեղեցիներու կառավարիչը կարտինալ Սանտրին եւ անոր Քարտուղարը արքեպիսկոպոս Վասիլ կ'ընդգծեն թէ Ս, Երկրի քրիստոնեաները թիրախ են հալածանքի։ Անոնք` ամէն օրը, կ'ապրին հալածանքով ու խաղաղութեան բացակայութեամբ։ Նշենք թէ Ս. Երկրի ֆրանչիսքեան պահակները ամէն տարի կը կազմակերպեն դրամահաւաքը որ կը ծառայէ ոտքի պահելու բարեգործական կեդրոնները ֆրանչիսքեան պահակութեան, Երուսաղէմի Լատին պատրիարքութեան ու Արեւելեան զանազան եկեղեցիներու։
2010ին, ֆրանչիսքեան Պահակութիւնը, դրամահաւաքը գործածեց նորոքութիւններ կատարելով սրբավայրերու ու եկեղեցիներու եւ ֆինանսաւորեց ընկերային զանազան մարմիններու նախաձեռնութիւնները, ինչպէս համալսարականներու տարեկան կրթաթոշակը։








All the contents on this site are copyrighted ©.