2011-03-24 12:19:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Այցելութիւնը Հռոմի ֆոսսէ Ատրիաթինէ կոչուած Նահատակներու Համալիրին։


Ընդառաջելով ''Հայրենիքի ազատագրումին համար ինկած նահատակներու'' ընտանիքներու իտալական ընկերակցութեան, Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ կիրակի 27 մարտին` այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ֆոսսէ Արտիաթինէ նահատակներու համար բարձրացած սրբազան համալիրին։
Սրբարանին առջեւ, Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունուի կարտինալ Վալլինիէն` տեղապահը Հռոմի թեմին ու զինւորական, քաղաքական ու եկեղեցական աւագ ներկայացուցիչներէն։ Ծաղկէփունջ մը զետեղելէ ետք սպանդի յուշաքարին առջեւ, Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Սրբարանը եւ հոն պահ մը ծունկի կենալէ ետք Հռոմի Ռաբունապետին հետ հոգեհանգստեան աղօթք պիտի կատարէ։
Այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յուշամատեանին վրայ իր ստորագրութիւնը պիտի դնէ։ Հուսկ խօսք մը պիտի ուղղէ Հայրենիքի ազատագրումին համար ինկած նահատակներու ընտանիքներու եւ բոլոր ներկաներուն։
Նշենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմի երրորդ Պապն է որ այցելութիւն կը կատարէ ֆոսսէ Ատրիաթինէ Սրբարանին։ Նախապէս այդ վայրը այցելած էր Պօղոս Զ.ը 12 սեպտեմբեր 1965` ապա Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը 21 մարտ 1982ին։
Յիշեցնենք թէ այդ վայրին մէջ նացիներէն գնդահարուեցան 335 անհատներ, որպէս փոխվրէժ նախօրօք Ռազելլա փողոցի մէջ գործադրուած մահափորձի մը ֆիտայիններու կողմէ եւ որուն հետեւանքով 33 գերմանացիներ սպաննուեցան։ Ջարդը պատահեցաւ 24 մարտ 1944ին։
Վայրոգութեան ու զոհերու բարձր թիւին պատճառաւ այս վայրը դարձաւ բռնագրաւումի շրջանին խորհրդանիշը նացիական վրէժխնդրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.