2011-03-24 12:38:42

Հայաստան Եւ Ղարաբաղ Մասնակցեցան Լոս Անճըլըսի Զբօսաշրջական Նախաձեռնութեան ։


19-20 մարտին Հայաստան եւ Ղարաբաղ երկրորդ անգամ ըլլալով մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի մեծագոյն զբօսաշրջական նախաձեռնութեան` «Էլ.Էյ. թայմզ թրեվըլ էնտ Էտվենչըր շոու»ին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ տարբեր երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները «Էլ. Էյ. քոնվենշըն սենթըր»ին մէջ տասնեակ հազարաւոր այցելուներուն ներկայացուցին աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ գտնուող լաւագոյն հանգստավայրերը:

Հայաստան եւ Ղարաբաղ այս ձեռնարկին մասնակցեցան Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ներկայացան միասնական տաղաւարով: Հայկական տաղաւարին մօտ այցելուներուն հարցումներուն պատասխանեցին Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն ժամանած, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայկական զբօսաշրջական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները:







All the contents on this site are copyrighted ©.