2011-03-24 12:32:16

Լիպիայի Վերեւ Կը Շարունակուին Միջազգային Ուժերու Օդային հարուածները,Նահանջի Մղելով Կետտաֆին ։ Զինեալ Գործողութիւնները ՕԹԱՆի Հսկողութեան Ներքեւ։


Լիպիոյ վերեւ Միջազգային Ուժերու օդային հարուածները երէկ Կետտաֆիի հրասայլերը ստիպեցին հեռանալ արեւմտեան Լիպիոյ Միսրաթա քաղաքէն, ինչ որ շաբաթներէ ի վեր շրջափակուած քաղաքի բնակչութեան քիչ մը հանգիստ պարգեւեց: Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերը սկսան հսկել Լիպիոյ ծովափին, մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի միջազգային զինուորական գործողութեան ղեկավարութիւնը զիջիլ:
Ծովակալ Ճերարտ Հուպըր Միջերկրականի մէջ տեղակայուած ամերիկեան մարտանաւի մը վրայ իր զեկուցումին ընթացքին յայտնեց, որ դաշնակից ուժերը թիրախ կը դարձնեն Կետտաֆիի զրահապատ ուժերը, հրետանին եւ հրթիռարձակման շրջուն կեդրոնները, ինչպէս նաեւ զինամթերանոցները: Ան նշեց, որ դաշնակից ուժերը դէպի արեւմուտք շարժած են` պաշտպանելու համար Աժտապիա եւ Միսրաթա քաղաքները:
Միւս կողմէ, Մոամմար Կետտաֆի երեքշաբթի ուշ գիշերին ելոյթ մը ունեցաւ` յայտնելով թէ . « պարտութեան պիտի մատնենք դաշնակից ուժերը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիպիա ցամաքային ներխուժում մը «ամբողջովին» բացառուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.