2011-03-24 12:22:01

Զուիցերիոյ ֆրիպուրկ թեմի առաջնորդը կը հրաւիրէ թեմի երիտասարդները մասնակցելու Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։


Գերապայծառ Բիեռ ֆարինի կոչ ուղղած է իր թեմի բոլոր երիտասարդներուն հրաւիրելով զանոնք մասնակցելու երիտասարդութեան համաշխարհին օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ Մատրիտ յառաջիկայ 16-21 օգոստոս։ Ան միաժամանակ հրաւիրած է Զուիցերիոյ կղերը խօսելու սոյն միջազգային մեծ հաւաքին մասին, որուն բնաբանն է ''Քրիստոսի մէջ արմատացած եւ հաստատուած ենք''։
Գերապայծառ Բիեռ ֆարինի յայտնած է թէ այս հաւաքին իբր պատրաստութիւն կը նախատեսէ խորհրդաժողով մը գումարել յառաջիկայ 16 ապրիլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.