2011-03-24 12:36:36

Ահաբեկչութեան Վախի Ետ Դարձը Իսրայէլ ։ Զոհ Մը Եւ 40 Վիրաւորեալներ Երուսաղէմի մէջ Կայացած Մահափորձին։


Կեդրոնական Երուսաղէմի մէջ երէկ փոխադրակառքերու կեդրոնի մը ականահարումը պատճառեց զոհ մը եւ քառասուն վիրաւորեալներ: Ոչ ոք ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն իսրայէլեան իշխանութիւնները պաղեստինցիները ամբաստանեցին:
Միւս կողմէ նաեւ հրթիռ մը հարուածեց հարաւային Բերսեբա քաղաքը` թեթեւ կերպով վիրաւորելով անձ մը, եւ այլ հրթիռներ հարուածեցին հարաւային Իսրայէլը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք սպառնաց Համասին հակադարձել: «Պիտի չարտօնենք իսրայէլացի քաղաքայիններուն վնաս հասցնել, ո՛չ հարաւի մէջ, ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ», ըսաւ Պարաք:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մենհա Պախում սակայն զգուշացուց Իսրայէլը Կազայի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելէ: «Բռնարարքներու մագլցումը պիտի չծառայէ որեւէ կողմի շահերուն, ինչպէս նաեւ պիտի չծառայէ ոչ խաղաղութեան եւ ոչ ալ կայունութեան » ըսաւ ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.