2011-03-23 12:35:29

''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' գերմանական բարեսիրական մարմինը իր աշխատանքը եզրափակեց Սրբազան Քահանայպետին համար նուիրուած աղօթքով` աշխատանքին մասնակցեցան աւելի քան 2000 հոգիներ, որոնցմէ 16ը եպիսկոպոսներ են եկած երկրագունդի չորս ծագերէն։


''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' բարեսիրական գերմանական մարմինը իր խորհրդաժողովը փակեց 20 մարտին Վուրզպուրկի մէջ։ Երեք օրուայ հանդիպումը եզրափակուեցաւ աղօթք կատարելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին համար, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ սեպտեմբերին իր հայրենիքը այցելել։ Այս ժողովին գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղաւ համամիութիւնը։ Ռուս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ մետրապոլիտ Հելարիոյն ''ռազմավարակն ծրագիր '' մը ներկայացուց որ կը մտի զայն իրագործել կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ միասին ի պաշտպանութիւն Եւրոպայի քրիստոնեական աւանդութեան։ Կարտինալ Գոխ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի, արդէն տուած է իր հաւանութիւնը սոյն ծրագրի իրականացման ։ Շատ մը ժողովականներ ներկայացուցին իրենց երկրին կրօնական իրավիճակը։ Այսպէս Իրաքի եպիսկոպոսը Լուի Սաքօ ընդգծեց թէ Միջին Արեւելքի մահմետականացումը հետզհետէ կ'իրականանայ։ Հոն Գոնկիի արքեպիսկոպոս Թոն Թոնկ Հոն իր դժգոհութիւնը յայտնած է ի տես Չինաստանի կառավարութեան միշտատեւ հսկումին կաթողիկէ եկեղեցւոյ վրայ։ Համայնավար վարչաձեւը, ըսած է ան, միշտ աշխատած է ազգայնացնել Կաթողկէ եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.