2011-03-23 13:22:07

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկութեան Հովանաւորութեամբ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» Հիմնադրամի Գործունէութիւնը Կը Շարունակուի ։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամը, հրատարակչական աշխատանքներուն առընթեր, նաեւ լծուած է կրթամշակութային գործունէութեան: Վեհափառին հովանաւորութեամբ յատուկ յանձնախումբեր կը հսկեն աշխատանքներուն:
Այս ծիրին մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցան երգի, հայ լեզուի, հայոց պատմութեան ու կրօնի յատուկ մրցաշարքեր` մասնակցութեամբ բոլոր հայ վարժարաններուն: Մրցաշարքի աւարտին մրցանակակիրներուն տրուեցան նիւթական նուէրներ եւ բոլոր մասնակիցներուն` յատուկ յուշանուէրներ:
Կրթական այս տարեշրջանին եւս նոյն աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի, փոխան երգի  տեղի պիտի ունենայ ՝՝ասմունքի մրցում՝՝: Հետագային համար կը մշակուին նոր ծրագիրներ: Այս աշխատանքներուն նպատակն է առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ մեր նոր սերունդի հայակերտումին: Կը մտածուի նաեւ հանգրուանային կերպով համասփիւռքեան տարողութիւն տալ յիշեալ մրցանքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.