2011-03-23 13:06:09

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։

Ստեփան Ոսկան (Ոսկանեան, 1825-1901). Զարթօնքի Սերունդին աղմկարար դրօշակիրը, որ դարձաւ Հայոց... թափառական հրեան:


110 տարի առաջ, Փետրուար 23ին , ատենի Օսմանեան Կայսրութեան բարգաւաճ Զմիւռնիա (Իզմիր) քաղաքի պանդոկներէն մէկուն խորշը, աշխարհէն լքուած եւ հայութեան հետ քէնցած վախճանեցաւ Ստեփան Ոսկան։

Հայ ժողովուրդի մեծարժէք դէմքերէն էր աւազանի անունով Ոսկանեան Ստեփանը, որ ինչպէս իր ժամանակին, նոյնպէս եւ այսօր կը շարունակէ ծայր աստիճան հակասական՝ բեւեռեցուած ու իրերամերժ գնահատականներու արժանանալ։ Հայ մտքի անդաստանէն ներս մուտք գործեց իբրեւ գրելու մեծ տաղանդով օժտուած ուսումնատենչ եւ ազատախոհ երիտասարդ մը։ Եղաւ հայ ժողովուրդի 19րդ դարու Զարթօնքի շարժումին յառաջապահներէն ամէնէն յանդուգնը։ Արեւմտահայ աշխարհաբարի զարգացման ու կատարելագործման մէջ ունեցաւ հիմնական ներդրում։ Բայց իր կեանքի հասուն շրջանի աւելի քան երեսուն տարիները քէն պահեց հայոց լեզուին հետ, միայն ֆրանսերէն գրեց եւ այդպէս ալ քէնոտած հեռացաւ այս աշխարհէն։

Ստեփան Ոսկանի երկրպագուները, Հրանտ Ասատուրի արժեւորման հետեւողութեամբ, զինք կը բարձրացնեն հայ հրապարակագրութեան համարձակախօս եւ սկզբունքային դպրոցին ռահվիրան ըլլալու պատուանդանին։

Իսկ Ոսկանի անհաշտ ընդդիմախօսները, մեծն Յակոբ Օշականի խստապահանջութեամբ, կը շարունակեն պնդել, թէ հայ գրողի փառքին յաւակնորդ, բայց լիարժէք ինքնադրսեւորման չհասած շնորհալի հրապարակագիրէ մը աւելին չեղաւ Զարթօնքի Սերունդին աղմկայարոյց այս յառաջապահը...
Բայց բոլորն ալ համամիտ են, որ իբրեւ գրող, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ, մանաւա՛նդ, հրապարակագիր՝ Ստեփան Ոսկան մեր օրերէն մէկուկէս դար առաջ, իր յառաջդիմական գաղափարներով եւ համարձակախօս կեցուածքներով՝ յառաջապահի կարեւոր դեր կատարեց հայոց 19րդ դարու Ազային Զարթօնքի հունաւորման մէջ։

Ծնած էր 1825ին, Զմիւռնիա։ Աւարտած էր տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, ուր եւ ուսուցչական աշխատանքի կոչուած էր դեռ քսան տարիքը չբոլորած։ Համեստ ընտանիքի զաւակ ըլլալով՝ իբրեւ եկամուտի լրացուցիչ աղբիւր, հայերէնի մասնաւոր դասեր տուած էր ունեւոր ընտանիքներու զաւակներուն, որոնց շարքին Եգիպտոսի հետագայ Վարչապետը Նուպար (փաշա) Նուպարեանին։

Սորված եւ տիրապետած էր ֆրանսերէն լեզուին, որուն ապաւինելով՝ ուսումնատենչ եւ դարու գաղափարներով տոգորուած երիտասարդը 1846ին մեկնեցաւ Փարիզ՝ աշխատելու եւ ուսումը շարունակելու հեռանկարով։ Զմիւռնիա հրատարակուող ՝՝Արշալոյս Արարատեան՝՝ թերթի խմբագիր Ղուկաս Պալթազարեանի բարեխօսութեամբ՝ Ոսկան ուսուցչի պաշտօնին կոչուեցաւ ֆրանսական Սէն Պարպ երկրորդական վարժարանին մէջ։ Միաժամանակ հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման՝ Գոլէժ տը Ֆրանսի եւ Սորպոնի համալսարանին մէջ ու տիրացաւ Պսակաւոր Արուեստից վկայականի։
1853ին ան վերադարձաւ Պոլիս, ուր լոյս ընծայեց ՝՝Ներքին համոզում՝՝ անունով գրքոյկ մը, որ առաջին եւ նախնական հրապարակումը եղաւ կղերապետական խաւարամտութեան դէմ Ոսկանի ձեռնարկած պայքարին։

Ստեփան Ոսկան արդէն յառաջապահի դիրք գրաւած էր աշխարհաբարի մշակման եւ Զարթօնքի յառաջադէմ գաղափարներու տարածման ի խնդիր ծաւալած շարժման մէջ։ Բայց նոյն այդ շրջանէն երեւան եկաւ նիւթապէս հանգիստ եւ բարօր կեանք ունենալու անոր գրեթէ հիւանդագին պահանջկոտութիւնը։ Մանաւանդ որ պահպանողականութեան եւ հանրային կեղծիքի դէմ ուղղուած իր սուր քննադատութիւնները բախեցան բիրտ հակազդեցութեան. գործէ արձակուեցաւ եւ հալածանքի ենթարկուեցաւ Զմիւռնիայի ունեւոր հայոց շրջանակներուն կողմէ։ Ճարահատ, 1855ին, Ոսկան դարձեալ իր քայլերը ուղղեց դէպի Ֆրանսա՝ Փարիզ, ուր մեծահարուստ հայերու մեկենասութեամբ ձեռնարկեց ՝՝Արեւելք՝՝ անուն կիսամսեայ հանդէսի հրատարակութեան։

1860ին ան անցաւ Իտալիա՝ Թորինօ, ուր սկսաւ քաղաքական յօդուածներով աշխատակցիլ ֆրանսերէն ՝՝Իտալիա՝՝ թերթին։ Իր մտքերն ու վերլուծումները, ինչպէս նաեւ հրապարակագրական փայլուն ֆրանսերէնը գրաւեցին ուշադրութիւնը 19 դարու մեծահռչակ քաղաքաէտ Կոմս Քաւուրի(Իտալիոյ Միութեան Ռահվիրաներէն) որ Ոսկանէն խնդրեց ֆրանսերէնի մասնաւոր դասեր տալ իր տղուն։ Ոսկան մէկ տարի մնաց Թորինօ եւ Կոմս Քաւուրի մահէն ետք, նիւթական որոշ միջոցներ խնայած ըլլալով, վերադարձաւ Փարիզ ։

1866ին, Ոսկան վե-րըստին հրաւիրուեցաւ Զմիւռնիա, ստանձնելու համար իր պատանեկութեան դպրոցին՝ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ատիկա եղաւ նաեւ վերջին կայանը նոր գաղափարներու, քննադատական խօսքի, ազատ մտածումի եւ համարձակախօս հրապարակագրութեան յառաջապահ այս իւրօրինակ արժանաւորին։ Զմիւռնիայի մէջ Ոսկան ձեռնարկեց, 1867ին, նոր թերթի մը հրատարակութեան, բայց արդէն ֆրանսերէնով եւ ՝՝Լա Րեֆորմ՝՝ անունով, որ լոյս տեսաւ մինչեւ իր մահը՝ 1901։
Ստեփան Ոսկան եղաւ հայ մամուլի երախտաւորներու շարքին առաջիններէն մէկը, որ սկզբունքայնութիւնը, ինքնահաւատարմութիւնը եւ մտածումի ու խօսքի ազատութեան համար հետեւողական պայքարը, ամէն կարգի հալածանքներ եւ զրկանքներ դիմագրաւելու գնով, վարքագիծ դարձուց եւ առաջնորդող օրինակ՝ հետագայ սերունդներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.