2011-03-23 12:15:21

Արամ Ա. Վեհափառը Կ’ողջունէ ՙԱլիքի՚ Ի 80–Ամեակը


Թեհրանի մէջ հրատարակուող ՙԱլիք՚ Օրաթերը այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 80–ամեակը: Ընդառաջելով այս առթիւ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ ՙԱԼԻՔ՚ի տնօրէնութեան խնդրանքին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ Կոնդակով իր գնահատանքը յայտնեց ՙԱԼԻՔ՚ի կատարած առաքելութեան Իրանի հայութեան կեանքէն ներս:
Անդրադառնալով ՙԱԼԻՔ՚ի բերած կարեւոր նպաստին Վեհափառ Հայրապետը իր Կոնդակին մէջ կը գրէ.– ՙԱրդարեւ սովորական հասկացողութեամբ օրաթերթ մը չեղաւ ՙԱԼԻՔ՚ը, եւ հետեւաբար, ընթացիկ գործունէութիւն չունեցաւ ան անցնող տարիներու ընթացքին: ՙԱԼԻՔ՚ը դարձաւ մեծ ընտանիք իր յարակից կառոյցներով ու մարմիններով: ՙԱԼԻՔ՚ը դարձաւ առաքելութիւն իր մամուլով, հրատարակութիւններով եւ ազգային լայնածաւալ ծառայութեամբ: Եւ հետեւաբար, ան առանցքային ներկայութիւն դարձաւ ո՜չ միայն Թեհրանի այլ նաեւ ամբողջ Իրանի հայութեան կեանքէն ներս: ՙԱԼԻՔ՚ը եղաւ զօդիչ ամուր կապը Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուած հայ գաղութներուն միջեւ: Ան եղաւ Իրանի հայութեան կեանքի ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային, ընկերային, մարզական ու բարեսիրական երեսներու հարազատ հայելին: Վերջապէս, ՙԱԼԻՔ՚ը դարձաւ համահայկական իրագործումներուն, տագնապներուն ու ձգտումներուն թարգմանը Իրանի հայութեան կեանքէն ներս՚:
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տասնամեակներուն պարսկահայութեան կեանքը յատկանշուեցաւ լուրջ մարտահրաւէրներով, որոնց յաղթահարման մէջ մեծ եղաւ մեր ազգային հաստատութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ ՙԱԼԻՔ՚ին դերը: Վեհափառ Հայրապետի վկայութեամբ՝ ՙՀակառակ Իրանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներուն, ինչպէս նաեւ իր դիմագրաւած բազմաթիւ ու բազմազան դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ՙԱԼԻՔ՚ը մնաց կանգուն ու տոկուն՝ հաւատարմօրէն կառչած իր ազգային կոչումին ու մշակութային առաքելութեան: Արդարեւ, Իրանի հայութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ մեծ եղաւ դերը ՙԱԼԻՔ՚ին: Փաստօրէնւ, կարելի չէ հասկնալ Իրանի հայութեան կեանքը վերջին ութսուն տարիներուն, առանց ՙԱԼԻՔ՚ին՚:
Ապա Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ ՙԱԼԻՔ՚ին՝ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով շարունակելու իր ազգային առաքելութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.