2011-03-22 12:29:15

Օդային Նոր Յարձակում Լիպիոյ Վերեւ։ Հակադրութիւններ Արեւմտեան Դաշնակցութեան մէջ Զինեալ Ուժերու Հրամանատարութեան առնչութեամբ,յատկապէս ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միջեւ։


Երրորդ գիշերը ըլլալով արեւմտեան միջազգային դաշնակցութեան ուժերը շարունակեցին օդային յարձակումները Լիպիոյ վերեւ, ռմբակոծելով Թրիբոլի,Սապահ եւ Սիրթէ քաղաքաները այս վերջինը ծննդավայրը Կէտտաֆիի,որ որպէս պատասխան այս յարձակումներուն ռմբակոծումի թիրախ վայրերու շուրջ կր համախմբէ ՝՝մարդկային վահաններ՝՝այսինքն Լիպիացիներ։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի  աւագ խորհրդական Հանրի Կուենօ յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ միջազգային միջամտութիւնը հաւանական է, որ «որոշ ժամանակ» եւս տեւէ: Ան նշեց, որ իրերայաջորդ երկու գիշեր տեղի ունեցած օդային հարուածները անդամալուծեցին Լիպիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, արգելք հանդիսացան Կատտաֆիի ուժերուն յառաջխաղացքին, սակայն վերջ չտուին քաղաքայիններու դէմ անոնց յարձակումներուն: Կիրակի գիշեր «Քրույզ» տիպի հրթիռ մը հարուածեց Կէտտաֆիի բնակած համալիրը, իսկ ռմբաձիգներ չէզոքացուցին դէպի Պենկազի յառաջացող հրասայլեր:

Միջազգային ուժերու միջամտութենէն ետք Կէտտաֆիի ուժերը դադրեցուցին դիմադրութիւնը եւ ըմբոստ ուժեր անարգել յառաջացան մինչեւ Աժտապիա: Կէտտաֆիի ուժերը քաղաքը առին օղակի մը մէջ եւ սկսան բախում ունենալ յառաջացող ըմբոստ ուժերուն հետ: Բախումներ ծայր առին նաեւ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ըմբոստներուն հակակշիռին տակ գտնուող վերջին քաղաքին` Միսրաթայի մէջ:
Միւս կողմէ, Լիպիոյ դէմ յարձակումին ընդդիմացողներու զայրացած ամբոխ մը յարձակում գործեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի դէմ, երբ ան Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի կեդրոնական հրապարակին մէջ ելոյթ կ՛ունենար: Յարձակումին մասնակցեցան շուրջ 50 անձեր: Պան Քի Մուն փրկուեցաւ շնորհիւ ոստիկանութեան միջամտութեան:
Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին դատապարտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Լիպիոյ վերաբերող որոշումը` զայն անուանելով «վնասակար», եւ յայտարարեց, որ արեւմտեան յարձակումը խաչակիրներու միջնադարեան  արշաւանքները կը յիշեցնէ: Բայց Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հակազդելով իր վարչապետին յայտարարութեան ըսաւ, որ անոր «խաչակիրներու արշաւանքներու» ակնարկը անընդունելի է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Եգիպտոսի մէջ Ամր Մուսայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «Լիպիոյ ժողովուրդը եւ ոչ ուրիշ մէկը պէտք է ճշդէ (Լիպիոյ մէջ) յառաջիկայ զարգացումներուն ընթացքը»:
Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա` մեղմացնելով իր մէկ օր առաջուան քննադատութիւնը, յայտարարեց, որ «կը յարգենքՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումը եւ այդ որոշումին հետ որեւէ հարց չունինք, մասնաւորաբար, որ ան կը հաստատէ, որ լիպիական հողամասերու ներխուժում կամ բռնագրաւում պիտի չըլլայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.