2011-03-22 11:59:34

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երկուշաբթի 21 մարտին Ուգրանիոյ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ սինոտը Լվովի մէջ կը գումարէ իր ընդհանուր ժողովը ընտրելու նպատակով Կարտինալ Լուպոմիր Յուսարին յաջորդող նոր Աւագ Արքեպիսկոպոսը։ Գահակալութեան արարողութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 27 մարտին Գիէվի Յիսուս Թագաւոր Մայր Տաճարին մէջ։

Գերապայծառ Գարլ Կոսլեր` Պոլցանօ եւ Պրէսսանոնէի եպիսկոպոսի հրաւէրով Ավստրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իր տարեկան ժողովը կը գումարէ Իտալիոյ Պրէսսանոնէի շրջանին մէջ։ Ժողովը սկիզբ առաւ երկուշաբթի 21 մարտի յետ միջօրէին ու վերջ կը գտնէ 24 մարտին։ 25 մարտի առաւօտուն նախատեցուած է եզրափակիչ տեղեկագրական մամլոյ ասուլիս մը։

Մակի կազմակերպութիւնը 21 մարտին նշեց ցեղային խտրականութեան համաշխարհային օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.