2011-03-22 11:56:45

Երկրաշարժը Եւ Միջուկային Կեդրոնը Նիւթով Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը ։


Ճաբոնի մէջ տեղի ունեցած սարսափազդու աղէտի նկարները կը շարունակեն խռովել մեր սրտերը ու մեզ կը դնեն հարցականներու առջեւ ։ Մեր յիշողութիւնը մեզ անմիջապէս տարաւ այն ողբերգրական <<Ցունամիին>> որ վեց տարի առաջ հարուածած էր Հնդկական Ովկիանոսը եւ պատճառած՝ հազարաւոր զոհեր. Ցաւի եւ տառապանքի ծով մը` գութի ու զօրակցութեան զգացումները շարժող, մեզ կը հրաւիրէ նաեւ աղօթելու։
Աշխարհի աչքերը, երկրաշարժէն եւ ցունամիէն մի քանի օր ետք, սեւեռած են Միջուկային կեդրոնի վրայ։ Ճաբոնցիները փաստեցին թէ ինչպէս սքանչելիօրէն կարող եղան դիմագրաւելու երկրաշարժի աղէտը անոր առաջքը առնելով ու կառուցելով երկարաշարժը դիմադրող կառոյցներ ։Ուրիշ երկիրներու մէջ նման ահեղ երկրաշարժ մը, կրնար շատ աւելի աղիտալի հետեւանքներ ձգել, ու պատճառել աւելի մեծ թիւով զոհեր։
Յամենայնդէպս, նոնիսկ ճաբոնական յառաջադէմ գիտարուեստը, այս առիթով անսպասելիօրէն ցուցաբերեց իր տկար կէտերը։50 Միջուկային Կեդրոններէն միայն մէկը երկրաշարժի հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուելով պատճառ դարձաւ բնակչութիւնը մահուան նոր մտավախութեան մէջ դնելու, որ տարածուեցաւ համայն աշխարհի մէջ։

Միջուկային ուժանիւթը բնական անսհաման միջոց մըն է որ մարդուս կը ծառայէ բայց եթէ իր հսկողութեան տակ չմնայ ան կ՝ապստամբի անոր դէմ։ Եւ ոչ մէկը գուցէ Ճաբոնցիներէն աւելի կ՛ըմբռնէ Միջուկային ուժանիւթի մարդու դէմ արձակումի բառին բուն իմաստը ։ Միջուկային կեդրոնի ապահովութիւնը երբէք չի կրնար բացարձակ ու ամբողջական ըլլալ։ Առ այդ պարտականութիւն ունինք խորհրդածելու գիտարուեստի ուղիղ գործածութեան վրայ , նկատի առնելով անոր վտանգները եւ մարդկութեան վճառած գինը։ Սրբազան Քահանայապետը միշտ կը յանձնարարէ այս ուղղութեամբ ։
Այսօր Միջուկային կեդրոնի մէջ կարգ մը հերոսներ, իրենց կեանքի գնով կը ջանան ազատել շատերուն կեանքը ։ Ինչպէս որ ըրին հրշէջները, 11 սեպտեմբերին երբ ՜՜Ալ Գայիտան՝՝ վար առաւ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները։ Այսօր եւս զօրակցութեան սէրը` նոյնիսկ կեանքի գնով` կը ներկայացնէ իսկական լոյսը, աղէտի դաժան մթութեան մէջ։ Ու մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհորդութեան ուղղութիւնը։ Յիսուսի հետ դէպի Զատիկ առաջնորդող ուղղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.