Դեսպան Մեթիու Պրայզա Կը Քննադատէ Ստեփանակերտի Օդակայանին Դէմ Ազրպէյճանի Սպառնալիքները։
Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ
Մեթիու Պրայզա «անընդունելի» որակեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, ներառեալ`
քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ ուժի կիրարկման սպառնալիքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի
կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Մեթիու Պրայզա անդրադարձաւ
17 մարտին ԵԱՀԿ-ի ուղղած կոչին` արձակազէնները հեռացնելու մասին եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի
կողմէ քննութեան կայացումը` շփման գիծին մօտ 9-ամեայ ազրպէյճանցի տղուն եւ ուրբաթ օրը
հայ զինուորի սպանութեան փաստերուն առնչութեամբ: Պրայզա նշեց, որ մահուան այդ դէպքերը
անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ ուժի գործադրումը պէտք է դատապարտման արժանանայ: Ազրպէյճանի
մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ընդգծեց, որ ինչպէս համանախագահները շարունակաբար յայտարարած
են, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի: Անցեալ շաբաթ Ազրպէյճան`
անդրադառնալով Ստեփանակերտի մէջ քաղաքացիական օդակայանի վերակառուցման եւ մայիսին ՝՝Երեւան-Ստեփանակերտ՝՝
թռիչքներու բացման մասին լուրերուն, սպառնացած էր «անհետացնել օդանաւերը»` փաստարկելով,
որ Լեռնային Ղարաբաղի օդային փակ տարածքը կը գտնուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններու տնօրինումին
տակ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Պրայզա կողմերուն կոչ ուղղեց լուծելու քաղաքացիական
օդանաւորդութեան ապահովութեան խնդիրները, նախքան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր օդակայանի
բացումը: