Սուտանի Մէջ Եկեղեցիները Մտահոգ Են Երկրին Մէջ Տեղի Ունեցող Բռնարարքներուն Ի Տես։
Սուտանի եկեղեցիներու պատասխանատուները ժողով մը գումարած են , Ժուպայի մէջ, հանրաքուէէն
ետք, քննարկելու՝ Սուտանի ներկայ կացութիւնը եւ ապագայի մարտահրաւէրները։ Եպիսկոպոսները,
իրենց յայտարարութեան մէջ յանձն առած են արթուն մնալ. հսկել ու չլռել անարդարութեան
ու մարդու իրաւունքերու զանցառութեան ի տես։ Անոնք շնորհաւորած են հանրաքուէի խաղաղ ընթացքը,
միաժամանակ ցաւ կը յայտնեն ի տես բռնութիւններուն որոնք տակաւին կը շարունակուին, ուստի
կը խոստանան առաւել ճիգ թափել սատարելու ազգի բարւոքումին ու ժողովուրդին մէջ հաշտութեան
ի խնդիր, ու գործելու խաղաղութեան ու արդարութեան վերակերտումին համար։ Յայտարարութեան
մէջ եպիսկոպոսները կը հաստատեն թէ Սուտանի Հիւսիսային եւ Հարաւային մասերը իրենց անկախութիւնը
պահելով հանդերձ միասնաբար պիտի համագործակցին երկու պետութիւններու բարգաւաճումին համար։