2011-03-21 12:36:44

Ս. Աթոռի Ընկերային Բազմահաղորդակցութեան Միջոցներու Նոր Համացանցի Մայր ճակատը`


՜՜հաղորդակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքը հաստատող մէկ տարրն է՝՝։

Ս. Աթոռի ընկերային բազմահաղորդակցութեան միջոցներու նոր մայր ճակատը լայնօրէն պիտի բացուի Զատկէն անմիջապէս ետք իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Աւելի ուշ պիտի բացուի նաեւ այլ լեզուներու ` ներառեալ չինարէնին, յատարարած է գերապայծառ Գլաուտիօ Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Օսսերվաթորէ Ռոմանօ` Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթին հետ ելոյթ ունենալով գերապայծառ Չելլի մատնանշեց թէ ՜՜հաղորդակցութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքը հաստատող մէկ տարրն է եւ անոր մշակոյթին անբաժան մէկ մասը՝՝։ Արդարեւ Եկեղեցին կանչուած է երկխօսութիւն հաստատելու այսօրուայ մարդուն հետ, որ միշտ աւելի մխրճուած է հաղորդակցութեան միջոցներու մշակոյթով։
Հուսկ գերապայծառ Չելլին ընդգծեց թէ մարդ արարածէն չի խնդրուիր որ ՜՜մասնագէտ ըլլայ ընկերային բազմահաղորդակցութեան մէջ՝՝, այլ անկէ կը խնդրուի ըլլալ ՜՜հաւատարիմ սպասաւորը ու նուիրեալը Աստուծոյ խօսքին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.