2011-03-21 12:36:21

Հնդկաստանի Եպիսկոպոսներու Հնգամեայ Կանոնական Այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին


Երկուշաբթի 21 մարտ, սկիբ առաւ Հնդկաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի Հնգամեայ Կանոնական Այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Այցելութիւնները բաժնուած են չորս հանգրուաններու` առաջինը` 21 մարտէն մինչեւ 11 ապրիլ, երկրորդը` 2 - 21 մայիս, երրորդը` 23 - 10 յունիս իսկ չորրորդն ու վերջին մասը 1 - 19 սեպտեմբեր։
Հնդկաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը հաստատուած է 1944 ին. Ան ունի երեք ծեսերու պատկանող եպիսկոպոսներ` Լատին ծէս, Ասորի Մալապար եւ Ասորի Մալանքար արեւելեան ծէս։ Ամէն մէկ ծէս ունի իր եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իսկ միջծիսական եպիսկոպոսներու ընդհանուր դասը ամէն երկու տարի անգամ ժողով կը գումարէ եւ ունի յատուկ անձնակազմ ու 12 եպիսկոպոսական յանձնախումբեր որոնք կը սերտեն եկեղեցւոյ ու քրիստոնաեյ հասարակութեան հայող զանազան հարցեր։ Հնդկաստանի եկեղեցին կազմուած է 30 եկեղեցական գաւառներէ ուր կան 30 Աւագ Թէմեր եւ 129 թէմ։ Գաւառներէն 23ը - մեծամասնութիւնը - լատին ծէսին կը պատկանի - Հինգը Ասորի Մալապարներուն եւ երկուքը Ասորի Մալանքարներուն։
Քրիստոնէութիւնը ներմուծած է հնդկաստան առաջին դարուն Սուրբ Թովմաս առաքեալի միջոցաւ։ Հռոմի եկեղեցւոյ հետ կապը սկսած է ԺԶ դարուն բայց տեղական քրիստոնեաները չէն ուզած Լատին ծէսին պատկանիլ։ Լեւոն ԺԳ Սրբազան Քահանայապետն է որ 1887 կը հիմնէ երկու նուիրապետութիւնները։
Հնդկաստան կը հաշուէ 18.585.000 կաթողիկէ հաւատացեալ, որ կը ներկայցնէ բնակչութեան 1.6 առ հարիւրը որոնցմէ երեք քառորդը լատին ծէսին կը պատկանին։ Եկեղեցին շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ընկերային զանազան մարզերէ ներս։ Այս առթիւ կ՛արժէ օրինակի համար յիշել Գալգութայի մայր Թերեզայի գործունէութիւնը

Հնդկաստանի տարածքը 3.287.263 քարակուսի մեթր է։ Բնակչութեան թիւը 1միլիառ 150 հազար։ Խօսուած լեզուները Հնդկերէն եւ Անգլերէնը որոնք պաշտօնական լեզուները նկատուած են ասոնց կից կան այլ 20 լեզուներ։ Բնակչութեան 80 առ հարիւրը հնդիկ կրօնքի կը պատկանին։ իսկ իսլամական կրօնքի հաւատացեալներու տոկոսը 13.5 առ հարիւր է։ Մինջ քրիստոնեաներու տոկոսը 2.3 առ հարիւր է ու անոնք կը կազմեն փոքրամաս հասարակութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.