2011-03-21 12:18:01

Ժագ Յակոբեանի Քնարավէպին Ողջունահանդէu


Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ բանաստեղծ Ժագ Յակոբեանի նորագոյն «Լիլոյշ Ա Տոչոր» քնարավէպին ողջունահանդէսը։
Սրահը լեցուն էր բանաստեղծութեան սիրահար հայ մշակութասէրներով։
Լորա Գույումճեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ բանաստեղծին կենսագրութեան, ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը
ներկայացնելու համար Ժագ Յակոբեան, բանաստեղծը։
«Դժուար է Ժագ Յակոբեանը ներկայացնելը» ըսաւ ան որովհետեւ հայազգի այս մտաւորական-բանաստեղծը կը տարբերի մեր հայ բանաստեղծներէն իր ոճով, խորքով եւ մտքի մշտանորոգ արտայայտութիւններով։
Հայազգի Ժագ Յակոբեան ծնած է Երուսաղէմ 1917-ին, յաճախած տեղւոյն Գալուստեան ազգ. վարժարանը, ապա անցած Պէյրութ, Լիբանան, այնտեղ մասնագիտացած է դեղագործութեան ասպարէզին մէջ, ապա անցած Եգիպտոս, ուր ծառայած է նաեւ բանակին մէջ որպէս դեղագործ։ Ապրած է նաեւ Աւստրալիա եւ վերջապէս հաստատուած՝ Ամերիկա 1967-ին։
Ան ամուսնացած է Ազատուհի Գարագաշեանի հետ, 1947-էն ի վեր, եւ ունի չորս զաւակներ։
Ժագ Յակոբեան հեղինակած է 50-է աւելի գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ
որոնք հրատարակուած են, քերթուածներու, բանաստեղծութիւններու, արձակներու,
թատերական եւ աւետարանական գիրքերով։ Իր նորագոյն բանաստեղծութիւններու հատորին հրատարակութիւնը, «Լիլոյշ Ա Տոչոր» գիրքին մեկենասները եղած են նամակագիր Արմէն Յարութիւնեանն ու իր տիկինը Միմի Յարութիւնեան։ Յակոբեան հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւններու հատորը 21 տարեկանին եւ արժանացած
մրցանակներու. իր քերթուածներուն մէջ առկայ է իւրայատուկ որոշ մելամաղձոտութիւն մը. ուշագրաւ երեւոյթ է որ տաղանդաւոր բանաստեղծը օգտագործած է Մեսրոպեան բառարանի բոլոր կարելիութիւնները, ներկայացնելով անզուգական գրականութիւն։
Շնորահանդէսին հայազգի բանաստեղծ Ժագ Յակոբեան, միշտ ժպտերես եւ ուրախ, ներկաներուն նուիրեց Մեսրոպատառ բառարանէն փունջ մը հայերէն բառեր ինչպէս՝ «լրախօս», «քայլոց», ինքզինք որակելով գիրագէտ եւ ոչ խօսագէտ։
Ան ասմունքեց նաեւ իր քերթուածներէն կտորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.