2011-03-20 12:49:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը Գլխաւորէ Սուրբ Գորպինիանոսի Անուան Նուիրուած Նոր Ժողովրդապետպութեան Օծումի Արարողութիւնը։


Կիրակի 20 մարտ, առաւօտեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ինքնաթիռով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Հռոմի Գազալ Բալոգգօ շրջանը ուր օծումը կատարեց Սուրբ Գորպինիանոսի անուան նուիրուած նորակառոյց ժողովրդապետութեան։ Գազալ Բալոգգօյի Ինֆերնէթթօ թաղամասի այս նոր ժողովրդապետութեան կարոյցը 2.200 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ ունի 300 նստարան պարունակող եկեղեցի, ծիսական սրահ, քրիստոնէականի սրահներ, ինչպէս նաեւ մարզանքի եւ համախմբումներու յատկացուած վայրեր։
Սուրբ Գորպինիանոսը Սրբազան Քահանայապետի սրտի խօսող սուրբ մըն է որով Գրեմանիոյ Պավիէրայ շրջանի եպիսկոպոսը եղած է. հոն ուր նորին սրբութիւնը պաշտօնավառած է 1977էն մինջեւ 1982։ Սրբազան ծիսակատարութեան ներկայ գտնուեցան Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Վալլինի եւ անոր անմիջական գործակիցները, ինչպէս նաեւ Միւնըխի առաջնորդը եւ ժողովրդապետութեան բազմաթիւ հաւատացեալները։ Ներկայ էր նաեւ Հռոմի քաղաքապետը Ճիաննի Ալէմաննոն։
Ծիսակատարութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց բոլոր այն հաւատացեալները որոնք տեղ չգտան եկեղեցւոյ մէջ ապա Սրբազան Հայրը ինքնաթիռով վերադարձաւ Վատիկան Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին համար որուն ընթացքին մեկնաբանեց այսօրուան աւետարանը ու ապա կոչ ուղղեց Լիպիայի խռովարար կացութեան համար խնդրելով միջազգային քաղաքական իշխանութիւններէն որ չ՛անտեսեն լիպիացիներու ու անոնց մատուցեն պէտք եղած օգնութինները։ Ու ապա իր հայրական մօտիկութիւնը յայտնեց լիպիացի ժողովուրդին Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան նոր հորիզոնի մը ծագումը հիւսիսային ափրիկէի աշխարհամասին համար։
Ապա նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հաւատացեալները անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը զոր այժմ լսելի կ՛ընենք ձեցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.