2011-03-19 11:59:15

Վատիկանը Պատմական Կը Նկատէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանի Վճիռը Որ Վերաբերի ՜՜Դպրոցներու Դասարաններուն Մէջ Խաչի Ներկայութեան՝՝։


Ուրբաթ 18 մարտին, Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանի որոշումով ի յայտ եկաւ թէ իտալական դպրոցական դասարաններու մէջ խաչի ներկայութիւնը չի խախտեր դաստիրակութեան իրաւունքը ։ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի գնահատումով սոյն որոշումը պատմական որոշում մըն է որուն միջոցաւ Մարդու իրաւունքներու Ատեանը հաստատած է թէ <<խաչը քրիտոնեայ աւանդութեան պատկանող երկիրներուն մշակութային ու կրօնական ինքնութեան արտայայտութիւնն է։ Ատեանը հաստատած է նաեւ թէ՝ Մարդու իրաւունքներու մշակոյթը պէտք չէ հակազդէ եւրոպական քաղաքակրթութիւնը յատկանշող՝ կրօնական արմատներուն հետ, որոնց մեծ սատար բերած է քրիստոնէութիւնը ։ Այս վճիրը կը վերահաստատէ շատերուն վստահութիւնը Եւրոպական Ատեանի հանդէպ, որոնք համոզուած են քրիտոնէութեան արժէքներու ունեցած կարեւոր դերին, եւրոպայի պատմութեան ընթացքին ու անոր շինութեան եւ արդարութեան ու ազատութեան մշակոյթի կազմութեան։
Իտալիոյ դպրոցներու մէջ խաչի ներկայութեան դատը սկիզբ առած էր 2009ին, իտալուհիի մը խնդրանքով, որ պահանջած էր իր զաւկին դասարանէն վերցնել պատի վրայ զետեղուած՝ խաչը, զայն որակելով՝ դաստիարակութեան իրաւունքը խախտող իրողութիւն։ Իտալիոյ կառավարութիւնը ուրիշ այլ երկիրներուն հետ միասին, որոնց մէջ նաեւ Հայաստանը, դէմ կեցան պաշտպանելով քրիտոնեայ մշակոյթի ու հաւատքի այս նշանը, եւ ահա 3 տարի տեւող դատական ընթացքէ մը ետք, 18 մարտի վճիրով կը հաստատուի թէ ՜՜խաչը՝՝ որպէս իտալացի ժողովուրդի իքնութեան նշան, դէմ չէ երկրին սահմանադրական օրէնքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.