2011-03-19 12:09:22

Սարգսեան- Ալիեւ Հաւանական Հանդիպումը Թեհրանի Մէջ ։


Իրանական լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի հանդիպին Թեհրանի մէջ` Նէվրուզի տօնակատարութիւններուն ժամանակ, որոնք տեղի պիտի ունենան 20-էն 21 մարտի լուսցող գիշերը:
Հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուին նաեւ Թիւրքմենիստանի, Տաճիկիստանի, Աֆղանիստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Օմանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Իրանական նոր տարուան կամ գարնանամուտի արարողութիւնները պիտի ղեկավարէ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ:







All the contents on this site are copyrighted ©.