2011-03-19 11:48:13

Կէտտաֆիի Ուժերը Պէնկազի Մտած։Դաշնակից Ուժերը Կը Պատրաստուին Գործադրելու՝Լիպիոյ Վերեւ Թռիչքներու Արգիլեան Գօտի Հաստատելու Որոշումը ։


Կէտտաֆի ՄԱԿ-ի որդեգրած որոշումին ի լուր անմիջապէս ՝՝հրադադար ՝՝ հռչակած էր,բայց ինչպէս որ կը տեսնուի այս առաւօտ Կատտաֆիի ուժերը Պէնկազի մուտք գործեցին եւ ուր տեղի կ՜ունենայ բուռն ընդհարումներ։ Հազարաւոր բնակիչներ խոյս կուտան քաղաքէն ։ ՄԱԿ-ի մօտ Ամերիկայի Մ.Ն.Դեսպանը Սուզան Ռայս յայտարարեց թէ ՝՝հրադադարը խզուած է՝՝ ։ Երէկ ՄԱԿ-ի վաւերացուցած որոշումէն ետք այժմ կը սպասուի անդրագոյն որոշումներու, միջազգային հասարակութեան կողմէ։ Այսօր Փարիզ կը կայանայ Գագաթնաժողով մը ընդ մէջ Եւրոպական Միութեան,ՄԱԿ-ի Ափրիկեան Միութեան եւ Արաբական Լիկայի։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ գիշեր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ որ անհրաժեշտ է Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատել: «Մենք պատրաստ ենք միջազգային դաշինքին իբրեւ մէկ մասը վարուելու, սակայն Լիպիա ցամաքային ուժեր պիտի չուղարկենք», յայտարարեց Օպամա երէկ գիշեր:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Լիպիոյ վերաբերեալ ՄԱԿ-ի թիւ 1973 բանաձեւին` շեշտելով, որ իրենք Լիպիոյ մէջ ճնշուածներուն եւ անիրաւուածներուն կողքին կը կանգնին: Էրտողան նաեւ կոչ ուղղեց` «Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադարի հաստատման», ինչպէս նաեւ ընդդիմացաւ «Լիպիոյ մէջ օտար միջամտութեան»:
Հակառակ անոր որ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Կէտտաֆիի որդին` Սէյֆուլ Իսլամը երէկ առաւօտուն յայտարարեց, որ իրենք ՄԱԿ-ի որոշումէն չեն վախնար, բայց Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուսա Քուսա կէսօրէ ետք անմիջական ՝՝զինադադար եւ զինուորական գործողութեանց դադրեցում յայտարարեց՝՝: Բայց եւ այնպէս գիշերը Կէտտաֆիի ուժերը խզեցին զինադուլը եւ բուռն ռմբակոծում կատարելով արագ կերպով յառաջացան դէպի Պենկազի։ Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման պիտի մասնակցին Բրիտանիան, Ֆրանսան, Դանիան, Նորվեկիան եւ Քանատան: Անոնք պիտի օգտագործեն Սիկիլիոյ եւ Քորսիքայի մէջ գտնուող օդուժի զօրակայաններ: Դիւանագէտներ յայտնեցին, որ հաւանաբար գործողութեան մասնակցին նաեւ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Յորդանանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.