2011-03-19 12:00:38

Եգիպտական Բանակը Պիտի Հոգայ Ղպտիներու Քանդուած Եկեղեցւոյ Կառուսցման Ծախսերը։


Եգիպտոսի բանակը արդէն սկսած է վերկառուցանել ղպտիներու եկեղեցին, որ քանդուեցաւ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու խռովութիւններու հետեւանքով, հաղորդագրածէ Սի էն էն ամերիկեան գործակալութիւնը։ Նշենք թէ հարաւային Գահիրէի մէջ գտնուող եկեղեցին կրակ առած է անցեալ 5 մարտին մահմետական եւ քրիստոնեայ երկու ընտանիքներու միջեւ ծագած կռիւին հետեւանքով, որուն մասնակցած էին երկու հասարակութիւններու հաւատացեալները եւ 10 հոգիներ զոհ գացին։ Գահիրէի քրիստոնեաները բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին պետական ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի գրասնեակներուն առջեւ պահանջելով եկեղեցւոյ վերաշինութիւնը, ու նաեւ որպէսզի վերջ դրուի քրիստոնեաներու հանդէպ կառավարութեան ցուցաբերած հալածանքին ու խտրականութեան ։
Եգիպտոսի զինուորական ոյժերը յայտնեցին թէ եկեղեցւոյ շինութիւնը սկսաւ Գահիրէի նոյն վայրին մէջ ուր այրեցաւ ղպտիներու եկեղեցին։ Եգիպտոսի կրօնական տարբեր համայնքները ներկայիս կը գտնուին աճող լարուածութեան մէջ ։ Ամանորի գիշերը Աղեքսանդրիոյ մէջ մահափորձ մը կատարուած է, եկեղեցին համախմբուած հաւատացեալներու դէմ, եւ որուն պատճառով 24 հոգի մահացած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.