2011-03-19 12:02:01

՜՜Պատրաստ Ճաշերու Ժխտական Ազդեցութիւնը Պատանիներու Աճման Վրայ ՝՝ Նիւթով Դասախօսական Հանդիպում Պէյրութի Մէջ։


Հովանաւորութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէժին, եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, տեղի ունեցած է դասախօսական հանդիպում մը «Թնճուկեան» սրահին մէջ որուն ընթացքին սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան- Հաժ, ներկայացացուցած «Պատրաստ ճաշերու ժխտական ազդեցութիւնը պատանիներու աճման վրայ» նիւթով բանախօսութիւնը : Յասմիկ Մկրեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանած է եւ ներկայացուցած դասախօսը, ապա յիշեցուցած, թէ որքանո՛վ շարունակաբար կը բարձրանայ համեմատութիւնը այն անձերուն, որոնք կ՛օգտագործեն պատրաստ (արագ) ճաշերը` տունը պատրաստուած սննդարար ճաշերուն փոխարէն:

Ապա Սննդագէտ Քարլա Եարտըմեան – Հաժ իր դասախօսութեան մէջ նշելէ ետք որ պատանեկութիւնը մանկութենէն դէպի չափահասութիւն փոխանցման շրջանն է եւ այդ շրջանին, թէ' տղաք եւ թէ' աղջիկները կը զգան կարգ մը Ֆիզիքական փոփոխութիւններ, որոնք կ՛ազդեն մարմնի սննդական պահանջին վրայ, ըսած է որ պատանեկութեան հանգրուանին, սննդական առողջութիւնը անհրաժեշտ է նեցուկ հանդիսանալու աճող մարմնին եւ կանխելու առողջապահական հարցերը, նաեւ տուած՝ կարգ մը տեղեկութիւններ եւ թելադրանքներ լաւ սննդականոն կիրարկելու համար։ Աւարտին դասախօսը նաեւ պատսխանած է ներկաներու հարցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.