2011-03-19 12:06:13

«Եւրոպական Միութիւնը Կ՝աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման՝՝ Կ՛ըսէ խոզէ Մանուէլ Պարրոզօ։


Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Խոզէ Մանուէլ Պարրոզօ երեքշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման` ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ:
«Մեզ տակաւին լրջօրէն կը մտահոգեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գիծին վրայ շարունակուող զինեալ միջադէպերը եւ շրջանի յարաճուն զինուորականացումը», ըսած է Պարրոզօ:
Ըստ անոր, ղարաբաղեան տագնապի շարունակումը շրջանի զարգացման համար լուրջ խոչընդոտ է: «Եւրոպական Միութիւնը իր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակին եւ պիտի շարունակէ խթանել շրջանային համագործակցութիւնն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները` Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի բազմակողմ հիմքին վրայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: «Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք շարունակելու այդ պատմական հոլովոյթը: Համոզուած եմ, որ ապագային երկխօսութեան նոր կարելիութիւններ պիտի ըլլան», ըսած է Պարրոզօ:







All the contents on this site are copyrighted ©.