2011-03-18 13:10:20

''Ոչ Հաւատացեալներու Գաւիթ''ի Ձեռնարկի Ներկայացում


Այս առաւօտ ժամը 11.30-ին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ Վատիկանի նոր ձեռնարկի մը ներկայացումը որ է <<ոչ հաւատացեալներու գաւիթ>> ծրագիրը զոր կատարեց Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին եւ Հայր Լորան Մազաս` Գործադիր Տնօրէնը ծրագրին ։ Սոյն ծրագրի նպատակակէտն է, երկխօսութիւն հաստատել հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ մանաւանդ միասնաբար խորհդածելու նպատակով մարդկութեան մեծ հարցականներու շուրջ ։ <<Ոչ հաւատացեալներու գաւիթ>> ի առաջին հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 24 եւ 25 մարտին Փարիզի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.