2011-03-18 13:10:28

Նոր Աւետարնութեան Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսի Նախապատրաստական Թղթածրարին Ներկայացումը Մամուլին։


Գերապայծառ Էդերովիչ քարտուղարը եպիսկոպոսական սիւնդոդոսին 4 մարտին մամուլին ներկայացուց յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի նախապատրաստական թղթածրարը։ Յայտնենք թէ յառաջիկայ Նոր Աւետարանութեան եպիսկոպոսական սիւնոդոսը պիտի գումարուի 7-28 հոկտեմբեր 2012ին։
Մամուլին ներկայացնելով թղթածրարը գերապայծառ Էդերեվոիչ ընդգծեց թէ կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է, աշխարհականացումը եւ կրօնական վերազարթնումը միասին կը բանակցին մեր ժամանակին մէջ։
Եպիսկոպոսական սիւնոդոսի քարտուղարին գնահատումով՝ աշխարհականացումի ներկայ երեւոյթին յարակից կայ նաեւ կրօնական վերազարթնում մը։ Դժբախտաբար մոլեռանդութեան ու ծայռայեղութեան բազմաթիւ երեւոյթները, որոնք կը շահագործեն կրօնքը, արդարացնելու՝ իրենց բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը, կը մթագնեն Աստուծոյ փնտռտուքի ու նուիրականին հանդէպ շահագրգռութիւնը։ Հետեւաբար գերապայծառ Էդերովիչ քրիստոնեաներէն կը խնդրէ որ խաղաղութեան եւ արդարութեան, յառաջդիմութեան ու Մարդու իրաւունքներու յարգանքին, ժողովուրդներու եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու, ու արարչագործութեան պաշտպանութեան, աւետարանական դրոշմ ու մեծ արժէք տրուի։
Եկեղեցաբանական տեսակէտով, հարկ է շեշտել թէ աւետարանութիւնը Եկեղեցւոյ ինքնութեան մաս կը կազմէ, ուստի Աւետարանի քարոզութիւնը հաղորդակցական ռազմավարութիւն մը չէ եւ ոչ ալ ուղղուած լոկ նոր սերունդին։
Հուսկ, գերապայծառ Էդերովիչի համոզումով՝ Եկեղեցւոյ բոլոր անդամները կանչուած են անսալու, ըմբռնելու, վերատեսելու եւ վերժէքաւորելու իրենց պարտականութիւնը Աստուծոյ խօսքը ճանցնելու համար բոլոր ազգերուն ներկայ աշխարհին մէջ, որ մշտատեւ յեղաշրջումի մէջ է։
Նշենք թէ Նոր Աւետարանութեան նիւթով եպիսկոպոսական 13-րդ սիւնոդոսը հռչակուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն, ունենալով որպէս բնաբան ''Նոր աւետարանութիւն քրիստոնէական հաւատքի հաղորդումին ու աւանդումին համար։
60 էջնոց թղթածրարը կը ներփակէ 71 հարցումներ, որոնց կանչուած են պատասխանելու աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսները։ Եպիսկոպոսական 13-րդ սիւնոդոսին նպատակն է քննարկել իրավիճակը եկեղեցիներուն, լաւագոյնս ու խանդավառութեամբ աւետելու Աստուծոյ խօսքը, ներկայ մարդուն։ Թղթածրարը կը մատնանշէ թէ այսօրուայ աւետարանութեան ամլութեան հարցը եկեղեցաբանական խնդիր մըն է։ Հետեւաբար նոր աւետարանութիւնը հաւատացեալին առջեւ կը դնէ սա հարցումը. հետաքրքրուած են՞ք թէ ոչ հաղորդելու հաւատքը բազմաթիւ ոչ քրիստոնեաներուն։
Նոր աւետարանութիւնը յանդուգն ապրելակերպ մըն է, հակառակ է ինքնաբաւ եւ կղզիացած ապրելու եղանակէն, կը կարդանք թղթածրարին մէջ։ Ներկայ ընկերա- մշակութային մարտահրաւէրին առջեւ, Եկեղեցին կանչուած է կատարելու ''իր մարմինը վերակենդանացնելու՝՝ ներգործութիւն մը ։
Նոյնպէս Եկեղեցին պէտք է յանդգնութիւնը ունենայ դատապարտելու կարգ ստացած անդամներուն անհաւատարմութիւնն ու պատճառած գայթակղութիւնները։ Պէտք է սորվի ըմբռնել ու վերլուծել նոր հարցադրանքները, ինչպէս է աշխարհականացումը որ կը ներկայանայ այսօր դրական ազատագրումի պատկերով եւ որուն հետեւանքով բազմաթիւ քրիստոնեաներ պայմանաւորուած են պատկերի մշակոյթով։
Թղթածրարը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները որ հարցադրեն իրենց կեանքի ոճին եւ մտածողութեան ու արժէքին կառոյցին մասին։ Նոյնպէս քրիստոնեաները պէտք չէ գոհանան ապրելով իրենց համայնքէն ներս այլ եւ պէտք է ընդունին առճակատիլ արդի նախայարձակող աստուածամերժութեան հետ։
Յաչս ներկայ համաշխարհականացումին` աւետարանացումը կը ներփակէ հինգ ցամաքամասերը եւ ամէն քրիստոնեայ կանչուած է իր կարգին ճանչցնելու Աւետարանը եւ հաղորդելու քրիստոնէական շնորհքը հաւատքի եւ յոյսի։ Գերապայծառ Էդերովիչ մամուլին ներկայացնելով թղթածրարը, յայտնեց թէ ուղղուած հարցարանին պատասխանները պէտք է վերադարձուին մէկ նոյեմբեր 20011-էն առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.