2011-03-18 13:10:38

Հռոմի Մէջ Ճաբոնի Ի Նպաստ Աղօթքի Եւ Զօրակցութեան Ձեռնարկներ


Հինգշաբթի 17 մարտի երեկոյեան ՜՜Սուրբ Էճիտիոսի՝՝ անուան բարեսիրական կազմակերպութիւնը Սանդա Մարիա ին Թրասդեվերէ Եկեղեցւոյ մէջ, աղօթքի երեկոյթ մը կազմակերպած էր Ճաբոնի երկրաշարժի եւ ցունամիի զոհերուն համար, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ճաբոնի դեսպանը՝ Տիար Եամակուշի Հիտեգազու։ Իսկ յառաջիկայ կիրակի օրը՝ 20 մարտի երեկոյեան ժամը 19ին Հռոմի Արա Բաչիս Կոթողի մօտ տեղի կ՛ունենայ Ռիոքօ Թաժիքայի դաշնամուրի համերգը, որմէ առաջ նախատեսուած է Ճաբոնի երկրաշարժի եւ ցունամիի զոհերուն նուիրուած զօրակցութեան յատուկ արարողութիւն մը։Ձեռնարկը կազմակերպուած է նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմ Մայրաքաղաքի՝ եւ Իտալիա- Ճաբոն հիմնարկին ։ Նոյն առիթով տեղի կ՛ունենայ նաեւ դրամահաւաք մը՝ որ պիտի տրամադրուի Ճաբոնցի եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան օգնութեան հասնիլ աղէտեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.