2011-03-18 12:21:21

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայ երաժիշտ եւ դուդուկահար Լեւոն Մատոյեան։
Հայազգի երաժիշտ՝ ու Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արթիսթ, Լեւոն Մատոյեան ծնած էր 10 Օգոստոս 1909-ին Ալեքսանդրապոլսոյ մէջ (այժմ Գիւմրի), ուր ստացած է կրթութիւնը, ու հետեւած երաժշտութեան։
1923-էն սկսած է աշխատիլ հայֆիլհարմոնիայի Լենինականի բաժանմունքի Արեւելեան գործիքներու համոյթին մէջ։ Կարճ ժամանակ Պագու-ի մէջ աշխարտելէ ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը։ 1939-ին տեղափոխուած է Երեւան ու նուագած հայֆիլհարմոնիայի ժողովրդական գործիքներու նուագախումբին մէջ։ 1952-էն եղած է Հայաստանի ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան ժողովրային գործիքներու անսամպլի մենակատարը։ Բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկած է Խորհրդային Հայաստանի տարբեր վայրերու մէջ, նաեւ Թիֆլիս, Պագու, Թաշքենդ, Աշխապատ, ու Թօնի Ռոսթով քաղաքներու մէջ։ Իր երկացանկը կազմուած էր հայկական ժողովրդական եւ գուսանական երգերով, պարեղանակներով, արեւելեան Մուղամներով, ու նաեւ հայ երաժշտահաններու գործիքային ստեղծագործութիւններ։
Հայազգի Լեւոն Մատոյեան վերականգնած է Շիրակի բազմաթիւ մոռցուած երգեր ու պարեղանակներ։ Մատոյեանի բարձր վարպետութեամբ կատարումը, մեծ ընդունելութիւն գտած է յատկապէս անոր ՜՜Հովիւի կանչը՝՝, ՜՜Մաճկալ՝՝ , ՜՜Որսկան ախպէր՝՝, ՜՜Դուն էն գլխէն՝՝ երգերու գործիքային մեկնաբանութիւնները։
Լեւոն Մանուկի Մատոյեան վախճանած է 19 Սեպտեմբեր 1964-ին երեւանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.